ԱԳ Նախարարը Պիտի Այցելէ Մոսկուա

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն, ապրիլ 2-4 ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան աշխատանքային այց պիտի կատարէ Մոսկուա:

Ապրիլ 2-ին նախարար Նալբանդեան Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկին մէջ հանդէս պիտի գայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին ելոյթով:

Յաջորդ օրը Էդուարդ Նալբանդեան պիտի մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ԱԳ նախարարներու խորհուրդի նիստին, իսկ ապրիլ 4-ին` Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան ԱԳ նախարարներու հանդիպման:

Ապրիլ 4-ին երեկոյեան նախատեսուած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամատեարովի հանդիպումը:

Scroll Up