Վերագործարկուած Են Մայրաքաղաքի Բոլոր Ցայտաղբիւրները
Ապրիլ 1-էն վերագործարկուած են մայրաքաղաքին մէջ առկայ շուրջ 2135 ցայտաղբիւրները: Նշենք, որ դեռեւս 2012թ.-ին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ մշակուած համալիր ծրագիրի ծիրէն ներս մայրաքաղաքին մէջ մեկնարկեց ցայտաղբիւրներու բարեկարգման եւ վերագործարկման ծրագիրը:
Երեւանի յաւերժութեան ինքնատիպ այդ խորհրդանիշները բարեկարգելու եւ շահագործելու նպատակով հաշուառուեցան կեդրոնական, երկրորդական փողոցներու, այգիներու ու պուրակներու ցայտաղբիւրները, ինչն ալ հնարաւորութիւն տուաւ համալիր բարեկարգման ծրագիրի արդիւնքով պատշաճ տեսքի բերել տարիներ շարունակ անուշադրութեան մատնուած, ինչպէս նաեւ իրենց նպատակային նշանակութիւնը կորսնցուցած այդ կառոյցները: Ծրագիրի իրականացման արդիւնքով վերանորոգուեցան եւ վերագործարկուեցան մայրաքաղաքի բոլոր ցայտաղբիւրները: Երեւանի համաչափ զարգացման ծիրէն ներս քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ ցայտաղբիւրներու համալիր բարեկարգման ծրագիրին ներառուեցան նաեւ բակային տարածքները:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան
եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւն