Հայաստանի Եւ Չինաստանի Կեդրոնական Դրամատուներու Միջեւ Ստոորագրուած Է Համագործակցութեան Մասին Համաձայնագիր

Մարտ 27-ին ՀՀ կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեան Փեքինի մէջ հանդիպում ունեցած է Չինաստանի Ժողովրդական դրամատան նախագահ  Չոու Սեաոչուանի հետ: Քննարկուած են երկու երկիրներու միջեւ դրամատնային ոլորտին մէջ համագործակցութեան զարգացման ու  խորացման վերաբերող  շարք մը հարցեր:

Չինաստան կատարած այցի ծիրէն ներս ՉԺԲ կեդրոնական մասնաշէնքին մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ Կեդրոնական դրամատան եւ Չինաստանի Ժողովրդական դրամատան միջեւ համագործակցութեան մասին համաձայնագիրի ստորագրման արարողութիւնը:

Պաշտօնական հանդիպման եւ ստորագրման արարողութեան ներկայ եղած է ՉԺՀ-ի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն  Սարգսեան: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up