Հայաստանի Դեսպանատան Մէջ Հանդիպում` Հայրենի Եւ Լիբանանահայ Խորհրդարանականներու Միջեւ

Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներու եւ Լիբանանի հայ երեսփոխաններուն միջեւ: Հանդիպումին բացումը կատարեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ իր խօսքին մէջ ընդգծեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լիբանանի խորհրդարաններուն միջեւ սերտ համագործակցութեան փաստը, որուն ապացոյցն է վերջին տարիներուն ընթացքին երկու բարեկամ երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներուն փոխադարձ այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու նախագահներու հանդիպումները: Այնուհետեւ ներկայացուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատուիրակութեան Սուրիա կատարած այցելութեան նպատակը, ինչպէս նաեւ Լաթաքիա ապաստանած Քեսապի բնակիչներուն մասին տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւնները պատուիրակութեան կատարած այցելութիւններուն` Սուրիոյ նախագահին, բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին երկու երկիրներուն խորհրդարանականները իրենց խոր մտահոգութիւնը յայտնեցին վերջին օրերուն Քեսապի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն առնչութեամբ: Քննարկուեցան նաեւ շրջանային, ինչպէս նաեւ Հայաստան – սփիւռք գործակցութեան վերաբերող խնդիրներ:

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

 www.aztagdaily.com

Scroll Up