Հայաստանի Ազգային Ժողովի Խումբ մը Պատգամաւորներ Այցելեցին Այնճար

Լաթաքիայէն վերադարձի ճամբուն վրայ, ուր պատուրակութիւնը մեկնած էր մօտէն ծանօթանալու Քեսապի Հայութեան իրավիճակին, Հայաստանի Ազգային Ժողովի խումբ մը պատգամաւորներ՝ Սամուէլ Ֆարմանեան, Արման Սահակեան, Նայիրա Կարապետեան, Թեւան Պօղոսեան, Էտմոն Մարուքեան եւ Լեւոն Մարտիրոսեան այցելեցին Այնճար:
Պատմագաւորական խումբը դիմաւորուեցաւ Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» Կեդրոնին մէջ, Այնճարի հոգեւոր հայրերու, քաղաքապետին, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին եւ կոմիտէութեան քարոզչական յանձնախումբի անդամներուն կողմէ:
Հայրենի պատգամաւորները դիմաւորելու համար Այնճար ժամանած էին նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան հիւպատոս Պրն. Կարեն Մաթեւոսեանը եւ դեսպանատան առաջին քարտուղար պրն. Վարդան Ատամեանը:
ՀՅԴ «Կ. Լեռ» Կոմիտէի անունով պատուրակութիւնը ողջունեց Յակոբ Այնթապլեան իսկ Մուսա Լերան եւ Այնճարի մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Եսայի Հաւաթեան:
Պատուրակութիւնը հետաքրքրուեցաւ Այնճարի Հայութեան իրավիճակով եւ ամփոփ զեկուցում մը փոխանցեց ներկաներուն իրենց տարած աշխատանքի մասին, յոյս յայտնելով որ համայն Հայութեան ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ նուազագոյնի իջեցնել Քեսապի Հայութեան դժուարութիւններն ու տառապանքը: