Ուրֆայի մէջ հայկական գերեզմաններ յայտնաբերուած են
Ուրֆայի խորհրդանիշ նկատուող բերդի ստորոտին հնագէտներու կողմէ կատարուող պեղումներու ընթացքին բազմաթիւ մեծ ու փոքր քարանձաւներ ի յայտ եկած են: Որոշ քարանձաւներու մէջ հայկական եւ քրիստոնէական գերեզմաններ, ինչպէս նաեւ Աստուածածնի ու Քրիստոսի սրբանկարներ յայտնաբերուած են: Թրքական «Հապէր-3» կայքէջը կը հաղորդէ, որ պեղումներուն, որոնց հետ անմիջական կապ չունեցող անձերուն մուտքը արգիլուած է, կը մասնակցին նաեւ ասորիները:
Յարակից տարածքներու բնակիչները դիմած են ոստիկանութեան` յայտնելով, որ ասորիները բահերով կը փորեն շրջանը: Դէպքին վայրը ժամանած ոստիկանութեան աշխատակիցները պարզած են, որ անոնք կ՚աշխատին հնագէտներու գիտութեամբ` օրավարձով:
«Նոր Յառաջ»