Իւրաքանչիւր Շաբաթ «Հայորդաց Տան» Մէջ Կը Ծանօթանան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Խորհուրդները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/03/unnamed-230.jpg)
Իւրաքանչիւր կիրակի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական առարկայի ծիրին մէջ Մոսկուայի «Հայորդաց տան» սաները կը ծանօթանան նաեւ մեր եկեղեցւոյ պատմութեան: Իսկ շաբաթ օրերուն Միքայէլ դպիր Փարսադանեանը անոնց կը բացատրէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Խորհուրդները: Այս դասընթացներուն` «Հայորդաց տան» հոգեւոր տեսուչ Տ. Առաքէլ քահանայ Ամիրեանի թոյլտուութեամբ, կրնան մասնակցիլ նաեւ անոնք, որոնք «Հայորդաց տան» սան չեն:
«Իւրաքանչիւր դասընթացքի պարդատիր երկու աղօթք կը սորվինք, իսկ թեմային ծանօթացնելէ առաջ ես նախ կը ստուգեմ լսարանի պատրաստուածութիւնը: Օրինակ, եթէ մենք պիտի խօսինք Մկրտութեան խորհուրդին մասին` նախ կը լսեմ իրենց կարծիքը, թէ ինչ կը հասկնան Մկրտութիւն ըսելով, ապա դասը կը յանգեցնէ անոր, որ ես կը ներկայացնեմ ՀԱԵ դաւանաբանութիւնը եւ կը հասնինք միակարծութեան»,- մեզի հետ զրոյցին ըսաւ Միքայէլ Փարսադանեան:
Այս տարի դասընթացները կ’իրականացուին ռուսերէնով, քանի որ նորեկներէն մաս մը հայերէն չեն հասկնար: Սակայն, գոյութիւն ունին յստակ կանոններ` աղօթքները հայերէն կը սորվին: Ատիկա սաներուն` հայերէնը աղօթքի լեզու դարձնելու հնարաւորութիւն կու տայ:
«Եթէ սանը դժուարութեամբ, բայց կը հասկնայ հայերէն, ապա հարցը կրնայ ձեւակերպել իրեն մատչելի լեզուով, սակայն պատասխանը կը հնչէ հայերէնով: Իսկ անհասկնալի բառերը կամ հայերէնով արդէն իսկ հնչած միտքը կը թարգմանեմ նաեւ ռուսերէն»,- ըսաւ Միքայէլ Փարսադանեան:
Դասերու ժամանակ` սաներու խնդրանքով, քրիստոնէութեան միւս ճիւղերուն հետ նաեւ դաւանաբանական զուգահեռներ կ’իրականացուին, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դաւանաբանութեան մասին յստակ պատկերացում կազմելու հնարաւորութիւն կու տայ:
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Խորհուրդներուն ծանօթացող սաներէն Տաթեւ Քոչարեան մեծ հետաքրքրութեամբ եւ սիրով կը մասնակցի դասընթացներուն, որոնց ընթացքին կը ծանօթանան նաեւ Սուրբ Պատարագի նշանակութեան: Տաթեւը համոզուած է, որ Միքայէլ դպիր Փարսադանեանի վարած դասընթացները շատ օգտակար կ’ըլլան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն համար. «Որքան ալ որ դասընթացքի մասնակիցներու թիւը շատ ըլլայ, միեւնոյնն է այն կրնայ քիչ թուալ, քանի որ որքան շատ հայեր մասնակցին «Հայորդաց տան» մէջ իրականացուող դասընթացներուն, այնքան շատ մարդիկ մօտ կ’ըլլան եւ կը ծանօթանան Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ խորհուրդներուն»:
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Խորհուրդներուն կարելի է ծանօթանալ իւրաքանչիւր շաբաթ օր, ժամը` 15:00-16:50, 18:00-19:50 եւ 20:00-21:30: Դասընթացները, առանց սահմանափակման, բաց են բոլոր ցանկացողներուն համար եւ անվճար են :
Արմինէ Կարեյեան, Մոսկուա