Քեսապը Ընդդիմադիր Զինեալներու Ներթափանցման Ենթարկուեցաւ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Քեսապը եւ իր շրջակայ գիւղերը ենթարկուած են ընդդիմադիր զինեալներու թափանցումի:

Զինեալները Քեսապ ներթափանցելու համար օգտագործած են թրքական սահմանին վրայ գտնուող կեդրոնները:

Սուրիական պաշտօնական աղբիւրները կը հաղորդեն, որ  մեծ թիւով զինեալներ յարձակում գործած են Քեսապի շրջանին վրայ, ուր սուրիական բանակը կը հակադարձէ, եւ ծանր բախումներ տեղի կ՛ունենան:

«Ազդակ»-ի թղթակիցը կապ հաստատելով Քեսապի հետ իմացաւ, որ Քեսապի մէջ գտնուող հայերու մեծամասնութիւնը արդէն լքած է Քեսապը եւ անցած է աւելի ապահով շրջան:

«Ազդակ»-ի թղթակիցը յայտնեց նաեւ, որ սահմանային ոստիկանատուներէն մէկուն վրայ իրականացուած յարձակումին հետեւանքով արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ:

Աւելի ուշ սուրիական օդուժը հարուածած է զինեալներու կեդրոնները Քեսապի մէջ:

Ստացուած վերջին լուրերուն համաձայն, հայ վիրաւորներ չկան:

«Բերիոյ նիուզ» իր կարգին հաղորդեց, որ Ժապհաթ Նուսրա եւ Իսլամական ճակատ խմբաւորումներուն կողմէ կատարուած է թափանցումը:

Նշենք, որ ընդդիմադիր զինեալներ ամիսներէ ի վեր համախմբուած էին նշեալ գօտիին վրայ, անոնք Իտլիպէն, Ժապել Զաուիյէէն եւ այլ շրջաններէն հեռացած էին: «Բերիոյ Նիուզ» նաեւ նշեց, որ ներթափանցած արձակազէնները կը կրակեն բնակավայրերուն վրայ:

Սուրիական զօրքը թէեւ այդ շրջանին մէջ ներկայութիւն էր սակայն ոչ բաւարար թիւով: Երէկ սակայն անմիջապէս սուրիական բանակի յաւելեալ ջոկատներ հասած են շրջան: Միւս կողմէ, բանակը Պասիթի Ճանապարհը փակած է յանուն բնակչութեան ապահովութեան:

Սուրիական զօրքը արդէն կը շարունակէ ընդդիմադիր զինեալներու կարեւոր կէտերը հարուածել եւ կը պաշտպանէ աւանը` նահանջի մղելով ընդդիմադիրները:

Երէկ երեկոյեան Լաթաքիոյ շտապէն «Ազդակ»-ին հաղորդեցին, որ Քեսապի հայ բնակչութիւնը գրեթէ պարպուած է շրջանէն: Քեսապի հայերուն մեծամասնութիւնը ապաստանած են Լաթաքիոյ իրենց հարազատներուն մօտ կամ քաղաքի հայկական եկեղեցւոյ բակը: Սուրիական Կարմիր մահիկը, պետական կառոյցներ, հայկական միութիւններ եւ եկեղեցին մեծ ջանքեր կը գործադրեն գաղթական քեսապահայութեան օժանդակութեան համար` անոնց բաժնելով ուտելիք եւ ծածկոցներ:

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ սուրիական պաշտօնական լուրեր երէկ երեկոյեան հաստատեցին, որ Սուրիա-Թուրքիա սահմանային կէտերէն ներթափանցում կատարուած է թրքական տարածքէն դէպի Լաթաքիոյ արուարձանը:

Բանակային ուժերը հակազդած են Լաթաքիոյ հիւսիսային արուարձանին մէջ գտնուող սահմանային անցումային կէտերէն ներթափանցող զինեալ խմբաւորումներուն. սպաննուած է յարձակող Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումի ղեկավարը:

Երէկ ուշ երեկոյեան «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ օրուան երկրորդ կիսուն բուռն բախումներէ ետք սուրիական բանակի ուժերը կարողացան իրենց վերահսկողութեան տակ առնել սահմանային անցքը եւ շրջանի անցումային անցարգելի կէտը` նահանջի մղելով զինեալները դէպի թրքական տարածք եւ ձախողութեան մատնելով զինեալներու յարձակումի փորձը:

www.aztagdaily.com

Scroll Up