Դասախօսութիւն Պալամանտ համալսարանին մէջ` Արեւմտահայերէնի պահպանումի անհրաժեշտութեան մասին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/03/Untitled12.jpg)
Օրերս Լիբանանի Պալամանտ համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը կազմակերպեց դասախօսութիւն մը: Նիւթը՝ «Արեւմտահայերէնի վտանգուած վիճակը արդեօք կը մտահոգէ՞ բոլոր լիբանանցիները»: Դասախօսն էր ընկերալեզուաբան Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, որուն ուսումնասիրութիւնը կեդրոնացած է արեւմտահայերէնի վտանգուած կարգավիճակին եւ անոր պահպանումի անհրաժեշտութեան վրայ:
Դոկտ. Ճէպէճեան իր ելոյթը սկսաւ՝ մատնանշելով աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող 6000 լեզուներէն 3000-ին նախատեսուած անհետացումը 21-րդ դարուն ընթացքին: Ան բացատրեց UNESCO-ի չափանիշները լեզուի մը վտանգուած կարգավիճակ ստանալու նկատմամբ: «2012-ի Փետրուարին, UNESCO-ի Վտանգուած Լեզուներու Ցանկին վրայ արեւմտահայերէնի զետեղումը ահազանգ մըն է, որ հիմնուած է երեք տուեալներու վրայ՝ խօսողներու տարիք, խօսողներու թիւ եւ սերնդական փոխանցումի վրայ: Այս իմաստով արեւմտահայերէնը դասուեցաւ որպէս անպայման վտանգուած՝ (definitely endangered), ինչ որ կը նշանակէ, թէ արեւմտահայերէնը կրնայ կորսուիլ յաջորդ 100 տարիներուն»,- ըսաւ ան:
Դոկտ. Ճէպէճեան ապա ներկայացուց իր ուսումնասիրութիւնը եւ անոր բաղկացուցիչ մասերը: Ան վեր առաւ հայ հաւաքականութեան Լիբանան հաստատուելու պարագան եւ այդ՝ որպէս արդիւնք Ցեղասպանութեան: Դասախօսը անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ ինչպէս հայը ինքզինք «կղզիացուց» լիբանանեան հաւաքականութեան մէջ, որովհետեւ կար հրամայականը մայրենի լեզուի պահպանումին: «Հայը ընկերային եւ մշակութային կապերը ոչ հայերու հետ նկատեց որպէս սպառնալիք՝ իր մայրենի լեզուին, ինքնութեան, մշակոյթին եւ դարաւոր պատմութեան պահպանումին եւ շարուկականութեան»,- ըսաւ Դոկտ. Ճէպէճեան:
«Հայուն համար Լիբանանը վերապրումի խորհրդանիշ է, որովհետեւ հոս հայը օժտուեցաւ լիբանանեան հպատակութեամբ ե´ւ դպրոց, ե´ւ եկեղեցի շինելու իրաւունքով», -ըսաւ դասախօսը: Ըստ Դոկտ. Ճէպէճեանի կատարած ուսումնասիրութեան՝ այս տուեալները մեծապէս օժանդակեցին հայ փոքրամասնութեան լեզուապահպանումի ճիգերուն եւ սատարեցին անոր կրթական, մշակութային եւ տնտեսական բարգաւաճումին: Հետեւաբար, կարելի եղաւ ձերբազատիլ թրքերէնէն եւ քրտերէնէն եւ կարչիլ մայրենիին՝ հայերէն լեզուին, որ պիտի երաշխաւորէր վերապրում՝ արմատախիլ եղած ժողովուրդի մը օտար ափերու վրայ:
«Ահա թէ ինչու հայը նախ պէտք էր տիրապետել հայերէն լեզուին, արաբերէնէն՝ մեծամասնութեան լեզուէն, առաջ: Այս լեզուամտածողութիւնը մեծապէս սատարեց առաջին երկու սերունդներուն լեզուապահպանումի համոզմունքներուն՝ կարչելու եւ անտեսելու արաբ դրացիներուն եւ բարեկամներուն կատարած քննադատութիւնները իրենց լեզուական թերութիւններուն առնչութեամբ: Եւ հոս է, որ լիբանանցին այպանեց հայը եւ քննադատեց հայուն արաբերէն լեզուի չգիտութիւնը՝ առանց փորձել հասկնալու հայուն հոգեբանական, պատմական եւ լեզուաքաղաքական մտածողութիւնը»,- բացատրեց Դոկտ. Ճէպէճեան:
Ապա ան անդրադարձաւ այն իրողութեան , թէ երրորդ եւ նոր սերունդը երբ սկսաւ անդրադառնալ, թէ Լիբանանը մշտական տուն եւ հայրենիք կրնար դառնալ՝ աւելիով սկսաւ շաղուիլ տեղացիներուն հետ, տուն-դպրոց-եկեղեցի ցանցէն հեռացաւ, աւելի ատակ դառձաւ արաբերէն լեզուին, երբեմն ալ հայերէնին հաշւոյն, աւելի մեծ թիւով խառն ամուսնութիւններ սկսաւ կնքել, անձնական շահերը ազգային նախապատուութիւններէն վեր համարեց եւ օտար արժէչափեր որդեգրեց, Լիբանանի մէջ հայը վերատեսութեան ենթարկեց հայերէն լեզուին եւ հայկական ինքնութեան առնչութեամբ իր ժառանգած կեցուածքները եւ վերաբերմունքը:
Դոկտ. Ճէպէճեան ընդգծեց, թէ նոյնն է պարագան՝ աշխարհի մէջ շատ մը այլ լեզուական փոքրամասնութիւններու պատմութիւնը, որոնք պատրաստ են՝ մանաւանդ տնտեսական պատճառներու համար եւ մեծամասնութիւն կազմող ժողովուրդին կողմէն բանեցուած ճնշումներու, փոփոխութեան ենթարկելու իրենց ազգային արժէչափերը, նպատակակէտերը, լեզուական հաւատարմութիւնները եւ ազգային համոզմունքները եւ մոռացութեան եւ անհետացումի ենթարկելու իրենց մայրենի լեզուն եւ իւրայատուկ մշակոյթները:
«Լեզուներ կարեւոր են հաղորդակցութեան համար, սակայն անոնք ա’լ աւելի կարեւոր են, որովհետեւ իւրաքանչիւր լեզու կը պարունակէ թէ´ անձնական եւ թէ´ ազգային պատմութիւններու բանալին, կը յատկանշէ ժողովուրդի մը մշակութային ինքնութիւնը, կ՝ընդգծէ նախնիներու հետ կապը եւ շարունակականութիւնը, կ՝արտացոլայ իւրայատուկ աշխարհահայեացք, կ՝ընդգրկէ անհրաժեշտ եւ հմայիչ քերականական, բառագիտական եւ հնչիւնաբանական յատկանիշներ եւ կը յառաջացնէ ինքնավստահութիւն եւ մշակութային հպարտութիւն»,- ըսաւ Դոկտ. Ճէպէճեան:
Դասախօսը կոչ ուղղեց ներկաներուն՝ վերարժեւորելու իրենց կեցուածքը Լիբանանի մէջ հայերուն հանդէպ, թիկունք կանգնին հայերէն լեզուին եւ զայն գործածողներուն, եւ սատարեն հայ համայնքին հայերէն լեզուի պահպանումի ճիգերուն:
«Հայերուն տնտեսական, մշակութային, կրթական, մարդասիրական, քաղաքական եւ ընկերային ներդրումը շատ մեծ եղած է Լիբանանի մէջ: Անոնց մայրենի լեզուի պահպանումը ա’լ աւելիով պիտի սատարէ այս փոքրամասնութեան անգնահատելի մասնակցութեան եւ օժանդակութեան այս հիւրընկալ երկրին, երբ անոնք ամուր կարչին իրենց մայրենի լեզուին, որովհետեւ մայրենի լեզուն աղբիւրն է մտային կարողութիւններու լաւագոյն օգտագործումին, տարբեր աշխարհայեացքի, ստեղծագործական կարողութեան, պատկանելութեան, պայքարելու պատրաստութեան, տնտեսական եւ քաղաքական հորիզոններու ընդարձակումին եւ Ցեղասպանութեան լուծման հետապնդումի գիտակցութեան»:
Դասախօսութեան աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն եւ լուսաբանութիւններ տուաւ, որովհետեւ մեծ էր անոնց հետաքրքրութիւնը: Անոնք մեծապէս գնահատեցին սոյն իւրայատուկ դասախօսութիւնը, որ առիթը ընծայած էր աւելի մօտէն ճանչնալու Լիբանանի հայ համայնքը, գնահատել անոր լեզուապահպանումի թրթապատճառները եւ ճիգերը եւ անդրադառնալ հայերէն լեզուի՝ տեղական եւ համաշխարհային առումով, պահպանումի անհրաժեշտութեան եւ անյետաձգելի արհեստավարժ եւ ակադեմական միջամտութեան՝ սատարելու անոր շարունակականութեան եւ գոյատեւումին:
Հրայր Ճէպէճեան
Նիկոսիա, Կիպրոս