Իրանահայ Գարնանային 26-րդ Խաղերու Հանդիսաւոր Բացումը Նոր Ջուղայի ՄԷջ

Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան հիմնադրման 70-ամեակին  նուիրուած` հինգշաբթի մարտ 20-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Գարնանային 26-րդ խաղերու  հանդիսաւոր բացումը, ներկայութեամբ   պաշտօնական հրաւիրեալներու, մարզական պատուիրակութիւններու, միութենականներու եւ հոծ բազմութեան, խաղերը կազմակերպող  Նոր Ջուղայի Հայ Մ.Մ. «Արարատ»  միութեան   մարզասրահին մէջ:

     Խաղերու պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը   մեկնարկեց  հանդիսավարուհիի ողջոյնի եւ բացման  խօսքով, որմէ ետք միութեան Սկաուտական միաւորի Արի-արենուշական հատուածի մասնակցութեամբ կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւնը եւ ներկաներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ  հնչեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան օրհներգը, ապա տեղի ունեցաւ մարզական պատուիրակութիւններու տողանցը՝ մասնակցութեամբ Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան (Հ.Մ.Ա.Կ), Հայ Մ.Մ. Սիփան,   Հայ ուսումնասիրաց «Չարմահալ» միութիւններու, Հայ Մ.Մ.«ՐաՖՖի» համալիրի, Թաւրիզի մէջ Հ.Մ.Ա.Կ.-ի մասնաճիւղի, Նոր  Ջուղայի Հայ Մ.Մ. «Արարատ» միութեան եւ Շահինշահրի մասնաճուղի մարզական պատուիրակութիւններուն:

   Մարզական փառատօնի առթիւ  Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Տ. Բաբգէն եպսկ. Չարեան  իր ողջոյնի խօսքին մէջ   նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ այս շրջանի խաղերը նուիրուած են   Հ.Մ.Ա.Կ-ի հիմնադրման 70-ամեակին եւ ըսաւ. « 70-տարիներ Հ.Մ.Ա.Կ-ը իր ներդրումն է ունեցել  հայապահպանութեան, սերունդների ազգային առողջ դաստիարակութեան եւ հայ մշակոյթի զարգացման գործին:   Երախտագիտութեան անհուն զգացմունքներով յիշենք բոլոր նրանց, ովքեր 70 տարիների ընթացքում եկել, գործել   ու առյաւէտ հեռացել են մեզանից. հանգիստ ու խաղաղութիւն նրանց հոգիներին. խոր յարգանք՝ նաեւ այսօր գործող բոլոր պատասխանատուներին, անդամներին ու ծառայողներին, որոնք իրենց ժամանակը եւ սիրտն ու հոգին ի սպաս են դնում Հ.Մ.Ա.Կ-ի մեծ գանձանակին»:

«Այսօր առիթ է անդրադառնալու, որ 2014 տարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսը հռչակեց  «Տարեցների» տարի: Արդար է, որ մենք երախտագէտ լինենք եւ յարգանք տածենք մեր մեծերին՝ տարեցներին, վաստակաշատ մարզիչներին ու մարզիկներին»,- աւելցուց Սրբազան հայրը եւ մարզիկներուն յորդորեց  ունենալ քաջարի կեցուածք, խտացնել   մարզական շարքերը  եւ  միասնական ու  մարզական ոգիով մասնակցիլ մրցութիւններուն: Ելոյթներու շարանին  հանդէս եկան  նաեւ  միութեանս Կեդրոնական վարչութեան նախագահ՝Մասիս Մինասեան,  Հ.Մ.Ա.Կ.-ի վարչութեան ներկայացուցիչ Ռուբինա Գալստեան եւ Իրանի Իսլ. Խորհրդարանին մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոբերտ Բէգլարեան, որ  ի յարգանք պարսիկ հրաւիրեալներուն՝  ելոյթ ունեցաւ պարսկերէն լեզուով:

    Ծրագիրի յաջորդ բաժինին մէջ մուտք գործեց ջահակիր խումբը՝ իր հետ բերելով  Ս.Ամենափրկիչ վանքի շրջափակին մէջ գտնուող Ապրիլեան Եղեռնի նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի կրակով վառած ջահը,  որմով  բոցավառուեցաւ  իրանահայ Գարնանային 26-րդ խաղերու ջահը՝ գլխաւոր ջահակիր բազկամարտի Ասիոյ ախոյեան Օշին Տէր-Գրիգորեանի միջոցով: Նշելի է, որ մինչ խաղերու պաշտօնական բացումը,  նոյն օրը ժամը 16-ին, ներկայութեամբ ազգային իշխանութեան եւ միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներուն,  ջահը վառեց եւ օրհնեց   թեմակալ առաջնորդ  Տ. Բաբգէն եպսկ. Չարեանը եւ այն յանձնեց գլխաւոր ջահակիրին,  որ ան վազքով փոխադրեց միութեան կեդրոնատեղը, որուն միացան երկրի եւ նահանգի մակարդակին մէջ յաջողութիւն արձանագրած պասքեթպոլիստուհի  Մանէ  Յովսէփեանը եւ լողորդուհի Անի Մկրտչեանը :  Խոհրդանշական  կրակը վառելէ ետք մարզիկներու եւ իրաւարար կազմի ներկայացուցիչներուն միջոցով կատարուեցաւ երդման կարգ:    Դահլիճին մէջ ստեղծուած  յուզիչ եւ միաժամանակ խանդավառ ու ուրախութեամբ լեցուն պահը  առաւել խանդավառեցին   միութեան Մշակութային միաւորի  «Կռունկ» համոյթի ներկայացմամբ գարունը  աւետող   շքեղ բեմականացումը, պարային  համարներ եւ համոյթի ու Ս.Ա-Վանքի «Կոմիտաս» երգչախումբի երիտասարդ մենակատարներու երգերու կատարումները:  Երեկոն աւարտեց շնորհակալական խօսքերով՝ ուղղուած բոլոր անոնց, որոնց համագործակցութեամբ կ’իրականանայ այս շրջանի խաղերը,  եւ յաջողութեան մաղթանքներով՝ ուղղուած մարզիկ-մարզուհիներուն:

Նշելի է, որ  հինգօրեայ մարզական փառատօնը կ’իրականանայ    Նոր Ջուղայի Հայ մարզա-մշակութային «Արարատ» միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ միութեան, Մարզական,  Մշակութային, Երէցներու, Սկաուտական եւ Ուսանողական միաւորներու, կազմակերպիչ յանձնախումբի, կարգապահական կազմի  ու անհատներու անշահախնդիր համագործակցութեամբ:

 Փակումը տեղի կ’ունենայ մարտ 25-ին՝ մետալներու բաշխման հանդիսութեամբ:

Երանուշ Թահմազեան

Իրան(Նոր Ջուղա)

 

Scroll Up