Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին տարեկան ձեռնարկը մայիս 9ին

Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր 7րդ տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Մայիս 9ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, «De Luxe» սրահին մէջ: Այս տարուան ձեռնարկին ընթացքին տեղի պիտի ունենան երաժշտական կատարումներ ու պիտի ներկայացուին Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին նախորդ տարուան իրագործումները: Նախորդ տարիներու նման, ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարուին Հայ Դատին ու Պըրպենքի հայ համայնքին ի նպաստ յստկանշական սպասարկութիւններու շարք մը ղեկավար անձնաւորութիւններ:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետ Լիլիան Արէճեան կը յայտնէ, թէ յանձնախումբը արդէն իսկ աշխատանքի սկսած է ձեղնարկին յաջողութիւնը ապահովելու համար:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 469-7671 թիւին կամ info@ancaburbank.org հասցէին, իսկ տոմսեր ապահովելու համար այցելել՝ itsmyseat.com/ANCAB կայքէջը: