Հայ Ակնագործները Ռուսիայէն Բնական Ադամանդ Ձեռք Բերելու Պարագային Արտահանման Տուրք Չեն Վճարեր
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/03/44f0741772c71183fa2f9b0e0f4b9d70.jpg)
Գործադիրը, հիմնուելով ՀՀ կառավարութեան եւ ՌԴ կառավարութեան միջեւ 2013թ. դեկտեմբեր 2-ին կնքուած բնական կազի, նաւթամթերքի եւ չմշակուած ադամանդի մատակարարման ոլորտին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիրին, ըստ որուն հայկական ընկերութիւններու կողմէ ՌԴ-էն առանց արտահանման տուրքի ձեռք բերուած բնական, չմշակուած ադամանդը պէտք չէ վերաարտահանուի, այսօրուան նիստին սահմանած է ատոր հաշուառման կարգը եւ այն իրականացնող լիազօր մարմին ճանչցած է ՀՀ տնտեսութեան նախարարութիւնը: ՌԴ օրէնսդրութեան համաձայն այդ երկրի ադամանդ արդիւնահանող ընկերութիւններէն ոչ պետական կողմէ բնական, չմշակուած ադամանդը ձեռք կը բերուի` վճարելով արտահանման տուրք, որ զգալի գումար կը կազմէ: Փաստօրէն հայկական ընկերութիւնները կ’ազատին նշուած տուրքէն` պայմանով, որ իրենց ձեռք բերած ադամանդը Հայաստանէն չվերաարտահանուի: Կ’ակնկալուի, որ որոշումը զգալիօրէն պիտի նպաստէ հայկական ակնագործութեան զարգացման:
Մանրամասները տես` հետեւելով յղման: