Դեսպան Սարգսեան Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց ՄԹ Թագուհիին

Օրերս Բուքինգեմյան պալատին մէջ Արմէն Սարգսեան իր հաւատարմագիրները յանձնեց Նորին Մեծութիւն Էլիզապէթ II թագուհիին: Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Դիւանագիտական մարմինի մարշալ Ալիստեր Հարիսոնը եւ ՄԹ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սայմոն Ֆրէյզերը:
Հաւատարմագիրներու յանձնումէն ետք Արմէն Սարգսեան բարեկամական առանձնազրոյց ունեցաւ Նորին Մեծութեան հետ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: