Հայ Թաւջութակահարը Դարձած Է Պրիւքսէլի Ազգային Ֆիլհարմոնիկ Նուագախումբի Առաջին Թաւջութակահարը

Երիտասարդ թաւջութակահար Սեւակ Աւանեսեան դարձած է Պրիւքսէլի ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի  առաջին թաւջութակահարը:

Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին -ի հետ զրոյցին ընթացքին նշեց երաժիշտի հայրը` Սամուէլ Աւանեսեանը: Թափուր պաշտօնի համար յայտարարուած մրցոյթի արդիւնքները եւ Սեւակի յաղթանակը պարզ  դարձած են այս տարուան փետրուարի վերջը:
«Արդէն մէկ ամիսէն աւելի է, որ յայտարարուած էր մրցոյթ Պրիւքսէլի ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի առաջին թաւջութակահարի թափուր տեղի համար:

Բնականաբար, համապատասխան եռուզեռ  սկսած էր ամբողջ աշխարհի երիտասարդ եւ փորձառու թաւջութակահարներու շրջանին մէջ: Բոլորին համար բաղձալի է այդ պատուաբեր եւ շատ պատասխանատու աշխատանքը: Եւ ահա մօտ հազարի հասնող դիմողներէ մրցոյթին մասնակցելու իրաւունք կը ստանայ 128 թեկնածու, որոնց միջեւ կը սկսի իսկական մրցապայքար: Քանի որ Սեւակը թոյլ չտուաւ, որ մենք ալ ներկայ ըլլանք մրցոյթին, օրուան վերջին` վախը սրտիս զանգահարեցի, եւ ըսաւ, որ 4 հոգիով անցած են 3-րդ փուլ, այսինքն` եզրափակիչ»,-կը պատմէ Սամուէլ Աւանեսեան:
Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ մրցոյթի միակ յաղթողի անունը: Հայ երիտասարդը գերած էր բոլորին իր հիասքանչ կատարումով:
Սեւակ Աւանեսեան ծնած է Երեւան, 1989 թուականին: Ան Մետեայ Աբրահամեանի սաներէն է: Փոքր տարիքին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Պելճիգա: Արդէն 20 տարեկան հասակին աւարտած է Պրիւքսէլի թագաւորական երաժշտանոցը, այնուհետեւ միաժամանակ յաճախած է Պելճիգայի թագուհի Էլիզաւէտայի անուան նուագախումբին եւ Պեռլինի ասպիրանտուրային: Մօտ երկու տարի առաջ անոր մենահամերգներէն մէկուն ներկայ  կը գտնուի աշխարհահռչակ թաւջութակահար Միշա Մայսկին եւ, տպաւորուելով անոր փայլուն կատարումէն, անժամկէտ եւ անհատոյց անոր կը  յանձնէ Իտալացի վարպետ Կոֆֆելերի պատրաստած հրաշալի թաւջութակը, որ կը գնահատուի 6 միլիոն եուրօ: Մայսկին մաղթած է երիտասարդին նորանոր յաջողութիւններ:
Սեւակը շարք մը  միջազգային մրցոյթներու յաղթող է : Ան եղբօր` Հրաչեայ Աւանեսեանի հետ ստեղծած է թրիօ` որ հէնց այդպէս ալ կը կոչուի «Avanesyan Trio»: Երաժիշտները յաջողութեամբ ելոյթներ կ’ունենան տարբեր երկիրներու բեմահարթակներու վրայ:

http://armenpress.am/

Scroll Up