ՀՀ սփյուռքի նախարարի շնորհավորական խոսքը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի ծննդեան օրուան առիթով

Վեհափա՛ռ Տէր,

Քրիստոնէական հաւատքով իմ ջերմ ու  սրտագին  շնորհաւորանքները կը յղեմ Ձեզ` Ձեր ծննդեան օրուան առիթով:

Յիրաւի, անգնահատելի են Ձեր հոգեւոր, բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնն ու անմիջական ջանքերը` Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմու հետեւանքով մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն պատուհասած վտանգները դիմագրաւելու եւ անոնց օգնելու, աջակցելու Ձեր պատրաստակամութիւնը:

 Ձեր Հայրապետական եւ Աստուածահաճոյ օրհնութեամբ եւ հրահանգով այդ ազգանուէր գործին լծուած են նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերը` խնդիրը վերածելով համահայկականի:

Ձեր բազում ազգանուէր ձեռնարկներու ու ծրագիրներու ծիրէն ներս առանձնայատուկ նշանակութիւն ձեռք բերուած է յատկապէս հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն աննկուն կամքով եւ բծախնդրութեամբ հետամուտ ըլլալը: Իրաւատիրոջ կեցուածքով Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատի արդար պահանջները բարձրացնելով միջազգային հեղինակաւոր ատեաններու մէջ` Ձեր անուրանալի ներդրումը կը բերէք աշխարհի մէջ արդարութեան վերահաստատման, մարդու իրաւունքներու վերաարժեւորման չափազանց արդիական եւ կարեւոր հարցերուն մէջ:

Վեհափա՛ռ Տէր, Ձեր գործունէութիւնը կ’արժեւորուի ոչ միայն վերոնշեալով. այն նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը միջեկեղեցական հեղինակաւոր կառոյցներուն մէջ անսասան պահելու կարեւոր ձեռնարկ է: Աւելին, յարափոփոխ այս աշխարհին մէջ, ըլլալով Քրիստոնէութեան եւ Իսլամի միջեւ երկխօսութեան ջերմ ջատագով, կը նպաստէք Մերձաւոր Արեւելքի մէջ այդ երկու կրօններու հետեւորդ ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղ գոյակցութեան ամրապնդման եւ յատկապէս տարածաշրջանին մէջ հայկական քրիստոնէական  համայնք-կղզեակներու անխաթար պահպանման:

Հայկական  սփիւռքին մէջ  Ձեր  անուան  հետ կը նոյնանայ  նաեւ  ճանչցուած գիտնականը, յառաջադէմ հայագէտն ու  կրօնագէտի ի վերուստ տրուած շնորհը: Մեծի  Տանն  Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսութեան մեկենասութեամբ  կը տպագրուին  ոչ միայն  հոգեւոր,  այլեւ  գրական-գեղարուեստական,  պատմագիտական`յատկապէս  Հայոց  ցեղասպանութեան  վերաբերող  գրականութիւն`նպաստելով  գիտութեան  յառաջընթացին  եւ  արդարութեան  իրաւունքի հաստատման:

Ոգեւորիչ  է,  որ  Ձեր  գործունէութեան  մէջ  առանցքային  նշանակութիւն  ունի հայապահպանութեան հարցը համաշխարհայնացման այս գործընթացներուն: Սա  թերեւս  այն  բնագաւառն  է,  որ  կարիք  ունի  անգամ  հայրենիքի մէջ լուրջ ուշադրութեան.  աշխարհի  տարբեր  անկիւններու մէջ  մշակութային բազմազանութեան  պայմաններուն մէջ  Ձեր  անմիջական  ներկայութեամբ զգօնութիւն,  ուժ,  եռանդ  եւ  կորով  կը հաղորդէք  հայկական  համայնքային կառոյցներուն, կը նպաստէք հայ ազգային աւանդոյթներու պահպանման, ոսկեկամուրջներ  հաստատելով  հայկական  սփիւռքի  հեռաւոր  եւ  մերձաւոր համայնքներուն միջեւ` յանուն համազգային վեհ նպատակներու իրականացման:

Ես անընդհատ կը սորվիմ Ձեզմէ եւ Դուք կաք ու կը մնաք յաւերժ իմ ուսուցչապետը:

Թող Երկնային Տէրը Ձեզ պարգեւէ երկար տարիներու քաջառողջ կեանք, Անոր զօրակցութեամբ բազմապատկուին Ձեր ուժերը` ի շահ Հայ Դատին, ի փառս Հայ եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի` հայապահպանութեան:

Թող յաւերժ ծաղկի Ձեր գաւազանը եւ անսասան ըլլայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական գահը:

ՄԱՏՉԻՄ Ի ՀԱՄԲՈՅՐ ՍՈՒՐԲ ԱՋՈՅԴ

ԽՈՐԻՆ ԵՐԿԻՒՂԱԾՈՒԹԵԱՄԲ`

ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Scroll Up