Նարինէ Աղապալեանի հանդիպումը փրոֆէսէօր Խրիսթոտուլոս Եալուրիտիսի հետ

Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի դասարաւորումով՝ ԼՂՀ մշակոյթի նախարարուհի տիկին Նարինէ Աղապալեան, Աթէնք իր այցելութեան օրերուն, առիթը ունեցաւ հանդիպելու Յունաստանի ընկերային եւ քաղաքական գիտութեանց Փանտիօ համալսարանի դեկան, Միջազգային կապերու բաժանմունքի փրոֆէսէօր Խրիսթոտուլոս Եալուրիտիսի հետ։
Նախարարուհիին ընկերացան ՀՀ դեսպանորդ պրն. Մինաս Մարտիկեան եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ ընկ. Խաչիկ Խաչատուրեան։
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին փրոֆ. Եալուրիտիս անդրադարձաւ յատկապէս Արցախի եւ Յունաստանի միջեւ մշակութային կապերու սերտացման, որպէս նախագահ Յունաստանի Մշակութային պետական հաստատութեան (Ίδρυμα Ελληνικού Πολιτισμού)։ Այս հաստատութեան գործն է յունական մշակոյթը տարածել այլ ազգերու եւ երկիրներու մօտ։ Այս ծիրէն ներս համագործակցութեան յաւելեալ առիթներու ստեղծման մասին զրոյց տեղի ունեցաւ։
Տիկին Աղապալեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան շքանշանը յանձնեց փրոֆ. Եալուրիտիսին, մեծապէս գնահատելով յոյն դասախօսի երկար տարիներու նուիրումն ու ծառայութիւնը՝ Հայ Դատի աշխատանքներու ծաւալման ծիրէն ներս։
http://www.azator.gr/