Disney Non-Stop. Սիրելի Մանկական Շարժանկարներու Սաունտթրեքները Պիտի Կատարէ Երիտասարդական Նուագախումբը

Յայտնի ու սիրելի մանկական շարժանկարներու  սաունտթրեքները պիտի  հնչեն մէկ համերգի մէջ ու Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի կատարմամբ: Նուագախումբի նոր նախագիծը պիտի գրաւէ ոչ միայն մեծ, այլեւ փոքր հանդիսատեսը:

Մայիս 30-ին, 31-ին եւ յունիս 1-ին կայանալիք երեք համերգներուն ընթացքին Ալ. Սպենդիարեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնի նուագախումը պիտի ներկայացնէ իր նոր` «Տիզնէյ նան-ըսթափ» (Disney Non-Stop) համերգային ծրագիրը: «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին նուագախումբի տնօրէն Աննա Տէր-Յովակիմեան նշած է, որ նոր համերգային ծրագիրը` արդէն սիրուած «Հոլիւուտ նան-ըսթափ» համերգաշարի շարունակութիւնն է: «Այս համերգաշարը եւս շարունակական պիտի ըլլայ եւ յառաջիկային պիտի իրականացնեն նաեւ այլ, ինչպէս` «Հայ ֆիլմ non-stop» համերգաշարը»,- պատմած է նուագախումբի տնօրէնը: «Տիզնէյ նան-ըսթափ» խորագիրով երեք համերգներուն ընթացքին պիտի հնչեն յայտնի մանկական շարժանկարներու   սաունտթրեքները եւ պիտի ցուցադրուին հատուածներ այդ շարժանկարներէն : Ներկայիս Երիտասարդական նուագախումը կը յստակեցնէ շարժանկարներու ցանկը:

Նախքան ստեղծագործութիւններու ցանկի վերջնական հաստատումը, «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցի օգտատէրերը կրնային դառնալ շարժանկարներու ընտրութեան մասնակիցը: Յայտարարուած քուէարկութեան արդիւնքով առաւելագոյն ձայներ ստացած է The Lion King յայտնի մանկական շարժանկարը, որուն սաունտթրեքը պիտի կատարուի համերգի ժամանակ:
«Հոլիւուտ նան-ըսթափ-» հանդիսատեսին կողմէ սիրուած եւ սպասուած ծրագիր է, որ մեկնարկած է 2012 թուականին եւ ներկայացուած երեւանեան 8 համալսարաններու մէջ, ուր աւելի քան 6000 ուսանողներ ունկնդրած են հոլիւուտեան շարժանկարներու երաժշտութիւնը: 2013 թուականին «Հոլիւուտ նան-ըսթափ»-ը ներկայացուած է նաեւ հանրապետութեան մարզերուն մէջ, մասնաւորապէս` Գիւմրիի, Վանաձորի, Եղէգնաձորի, Արտաշատի մէջ: Այս քաղաքներուն մէջ հանդիսատեսը մեծ ոգեւորութեամբ  ընդունած է Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի ելոյթները` բարձր գնահատելով ինչպէս հոլիւուտեան շարժանկարներու  մեղեդիներուն կատարումները, այնպէս ալ դասական երաժշտութիւնը մարզերուն մէջ ներկայացնելու Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի ջանքերը:

http://armenpress.am/

Scroll Up