Սեւան Նիշանեան Թրքական Բանտին Մէջ Տանջանքներու Կ’ենթարկուի

Թուրքիա բնակող հայ լեզուաբան Սեւան Նիշանեան, որ առանց որեւէ յստակ հիմնաւորման թրքական արդարադատութեան կամայականութեան որպէս արդիւնք Թորպալըի բաց բանտէն տեղափոխուած էր Իզմիրի Պուճա փակ բանտ, այստեղ կ’ենթարկուի խտրականութեան եւ բռնութիւններու:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը` վկայակոչելով թրքական Aykiridogrular.com-ը, նոր բանտին մէջ Նիշանեանին յայտարարած են, որ այլեւս մահճակալ չունին, որու արդիւնքով լեզուաբանը ստպուած կը քնանայ բետոնէ յատակին: Կը հաղորդուի, որ Նիշանեանին չի թոյլատրուիր նոյնիսկ լոգանք ընդունել:
Թուրքիոյ մէջ խումբ մը մտաւորականներ, որոնք լեզուաբանի ձերբակալութենէն ետք կը շարունակեն բարձրաձայնել տեղի ունեցած անարդարութեան մասին, յայտարարած են, որ կատարուածը պարզապէս կը բնութագրուի որպէս տանջանք:
Դեռեւս Թորպալըի բաց բանտին մէջ Նիշանեանի գրած վերջին նամակներէն մէկուն մէջ մտաւորականը տեղեկացուցած էր, որ վերջին յօդուածներէն մէկուն պատճառով իր դէմ հետաքննութիւն սկսած են` ծառայողներէն մէկուն նուաստացնելու մեղադրանքով: Բանտի տնօրէնը անոր կանչած է իր մօտ, եւ հայ մտաւորականէն ցուցմունք վերցուցած: Նիշանեան կանխազգացած էր, որ մի քանի օր ետք իրեն կրնան տեղափոխել փակ բանտ:
«Իրական պատճառն այդ յօդուածը չէր: Ինչ եկած եմ այս բանտ, կ’ըսեն, թէ այստեղի «խերը» կորսուած է: Երթամ, որ կարենամ հանգիստ շունչ քաշել»,- ըսած է Նիշանեան:
Աւելի առաջ Նիշանեան նամակ գրած էր լրագրող Հասան Ճեմալին, ուր յայտնած էր, որ բանտին մէջ իրեն այնպէս չեն վերաբերիր, ինչպէս միւս ազատազրկուածներուն: Անոր խօսքով, «վերեն եկած կարգադրութեամբ» ինքը խտրական վերաբերմունքի կ’ենթարկուի:
Թուրքիոյ արդարադատութիւնը մեղաւոր ճանչցած էր հայազգի լեզուաբանին «սեփական հողակտորի վրայ ապօրինի շինարարութիւն կատարելու» համար: Նիշանեան, որ դատապարտուած էր երկու տարուան ազատազրկման, պատիժը յունուար 2-էն կը կրէր Իզմիր քաղաքի Թորպալը բանտին մէջ: Դատարանի թոյլտուութեամբ ան կրցած էր մօտ մէկ շաբաթով դուրս գալ բանտէն:
Անոր որդին`Արսէն Նիշանեան, յայտնած էր, որ հայրը երեք ամիսը մէկ հնարաւորութիւն կ’ունենայ 3-4 օրով գտնուիլ ազատութեան մէջ:
http://armenpress.am/