Սումկայիթի տարեդաձին Աննա Աստուածատուրեան ներկայացուց իր գիրքը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/03/DSC_0030.jpg)
Նախաձեռնութեամբ ՀԲԸՄի Նիւ Եորքի գրասենեակին եւ գործակցութեամբ ՀՀ ՄԱԿ-ի Ներկայացչութեան, Փետրուար 27, 2014, Հինգշաբթի երեկոյեան, Բարեգործականի գրասենեակին մէջ, նշուեցաւ Սումկայիթի զոհերուն յիշատակը։ Արդարեւ, 1988ին երբ Խորհրդային Միուիւնը իր փլուզման առաջ սկսած էր գտնուիլ Ազերպէյճանի թուրք-թաթարները պատեհ առիթը գտած էին Պաքուի, Կիրովապատի ու Սումկայիթի մէջ ապրող աւելի քան 300 հազար հայերու հանդէպ հալածանքն ու կոտորածը իրագործելու։
Այդ տխուր դէպքերուն, տասը տարեկան Աննան (Անոյշը) ընտանիքով կրցած էր ապաստան գտնել Երեւան, ուրկէ անցած էր Մոսկուա եւ ապա` Միացելա Նահանգներ։ Աննան այդ օրերէն պահած էր օրագրութիւն` անցած դէպքերուն մասին վկայակոչելով տառապանքի ճանապարհը, հալածանքը, զգուշաւոր նիստ ու կացը, ապրուած զգացումները, անորոշութեան օրերը։ Աւելի ուշ, արդէն Ամերիկայի մէջ ընտանիք կազմած, իրաւաբանութեան վկայական ստացած Աննան զանոնք կը յանձնէր հատորի մը` անգլերէն լեզուով` “Nowhere” A story of exile («Ոչ մէկ տեղ. Աքսորի մը պատմութիւնը»)։
Շարիս Պօղոսեան՝ ՀԲԸՄի ձեռնարկներու պատասխանատուն, կատարեց բացման խօսքը, որմէ ետք խօսք առաւ ՀՀ ՄԱԿ-ի մօտ հաւատարմատար Կարէն Նազարեան։ Ան նշեց Սումկայիթի զոհերու յիշատակը եւ հանգամանօրէն արտայայտուեցաւ ՄԱԿ-էն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հարցով եղած աշխատանքներուն մասին։ Գնահատեց հեղինակին կատարած գործը հայոց իրաւունքներու պաշտպանութեան գիծով, մանաւանդ Ամերիկայի զանազան նահանգներու մէջ (ինչպէս` Մէյն) պետական քաղաքական դէմքերուն իր կատարած դիմումներուն, որոնք վերջին տարիներուն արդիւնաւորուեցան ի նպաստ Ղարաբաղին։
Իր գիրքը ներկայացուց Աննա Աստուածատուրեանը (Թիւրքոթ)՝ մերթ ընդ մերթ կարդալով հատուածներ անկէ։ Ան յուզումնախառն արտայայտուեցաւ այն բոլոր տխուր դէպքերուն մասին, որոնք տեղի ունեցան իր հետ տեղահանութեան ամբողջ ընթացքին։
Ան զգուշացուց ներկաները՝ ըլլալու արթուն, երբ ազերիներ սկսած են հակաբրոբականտի արշաւի մը Նիւ Եորքի պողոտաներէն սկսած` ապակողմնորոշել ջանալով միամիտ անցորդները, թէ հայերն են եղած Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած սպանդին պատճառը։ Աննան կոչ ըրաւ ներկաներուն միանալու հայ դատի հետապնդման համար տարուած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ շարունակելու պայքարը այդ ուղղութեամբ։
Ան սիրայօժար տուաւ պատասխաններ ներկայացուած հարցերուն, որմէ ետք ներկաներուն տրամադրուած իր գիրքերը ան ստորագրեց։
Յակոբ Վարդիվառեան
Նիւ Եորք