Դեսպան Մանուկեանի Աշխատանքային Այցը Սամցխէ-Ջաւախքի տարածաշրջան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/03/157862-300x225.jpg)
Օրերս Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան աշխատանքային այցելութիւն ունեցաւ Սամցխէ-Ջաւախք նահանգի Նինոծմինդայի եւ Ախալքալաքի շրջաններ:
Նինոծմինդայի մէջ` Ռաֆայէլ Ղարսլեանի անուան կրթամշակութային եւ երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման, դեսպան Մանուկեան ընդգծեց հայ համայնքային կեանքին մէջ մշակութային, կրթական եւ մարզական աշխուժութեան կարեւորութիւնը եւ կոչ ըրաւ այդ ուղղութիւններով շարունակել գործունէութիւնը: Դեսպան Մանուկեան յատկապէս կարեւոր համարեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը հայ համայնքային կեանքէն ներս եւ հայ ժողովուրդի ազգային ինքնագիտակցութեան պահպանման գործին մէջ:
Վրաստանի մօտ ՀՀ դեսպանը համայնքային շարք մը գործիչներուն փոխանցեց Հայաստանի սփիւռքի, կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւններու գերատեսչական պարգեւները:
Նոյն օրը համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ առանձին անհատներու հետ հանդիպում տեղի ունեցաւ Ախալքալաքի շրջանին մէջ:
Հանդիպման մասնակիցներուն հետ զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան Վրաստանի հայ համայնքէն ներս առկայ խնդիրներուն եւ համայնքային կեանքի աշխուժացման ուղղուած քայլերուն առնչուող, Ջաւախքի տարածաշրջանի հայ ազգաբնակչութեան յուզող բազմաթիւ հարցեր: Դեսպան Մանուկեան ներկայացուց հայ-վրացական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ՀՀ գերատեսչական պարգեւներու յանձնման պաշտօնական արարողութիւն:
Դեսպան Մանուկեանին կ’ուղեկցէին եւ հանդիպումներուն ընթացքին խօսքով հանդէս եկան Ջաւախքի ընդհանուր փոխանորդութեան առաջնորդ հայր Բաբգէն վարդապետ Սալբիյեան, ՀՀ Աժ պատգամաւոր Տաճատ Վարդապետեան: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին յայտնեցին ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: