Ընդհառաջելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կոչին Զմմառու Ժառանգաւորները նշեցին «Հայոց Լեզուի օրը»

Մայրենիի պահպանութիւնը բաւական հոգնատանջ ու նուիրական գործ է, որ կարիք ունի նուիրեալներու, որոնք ինքնահրկիզմամբ վառ պիտի պահեն անզուգական հայերէնը իր երկու՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն թեւերով: Պահպանելով հայոց լեզուն մենք ոչ միայն կը պահպանենք մեր ազգն ու ժողովուրդը, այլ կը պահպանենք համամարդկային այն մեծ արժէքները, որոնք ստեղծուած ու արարուած են հայոց լեզուով, որու շնորհիւ մարդկային արժէհամակարգը չի զրկուիր իր կարեւոր մէկ բաղադրիչէն, եւ ի զուր չէ, որ փետրուարի 21-ը հայրենի իշխանութեանց կողմէ հռչակուեցաւ «Հայոց Լեզուի օր»:
Կիրակի, 2 մարտ 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Զմմառեան Միաբանութեան վանքի՝ «Վերափոխման Սուրբ Կուսին« եկեղեցւոյ մէջ, երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ժառանգաւորաց սաներու կազմակերպութեամբ՝ նշուեցաւ «Հայոց Լեզուի օրը»:
Հովանաւորութեամբ՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Պէյրութի Թեմի Ընդհանուր Փոխանորդ, եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր՝ Գերապայծառ Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի:
Նախաձեռնութեամբ՝ Զմմառեան Միաբանութեան Ժառանգաւորաց տեսչութեան:
Ներկայութեամբ՝ հոգեւոր դասին, Լիբանանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ տիար Աշոտ Քոչարեանի, Հայկազեան համալսարանի նախագահ՝ Վեր. Փօլ Հայտոսթեանի, կրթական մշակներուն, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն, նորընծաներուն ծնողներուն եւ հոծ բազմութեան:
Ժառանգաւորներուն հնչեցուցած Տէրունական աղօթքով ընթացք առաւ միջոցառումը: Բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար կիսասարկաւագ՝ Պարգեւ Պաշխընճին: Ան հանգամանօրէն ներկայացուց «Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ժողովի, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախաձեռնութեամբ՝ 2005ին, առնուած որոշմանը, ըստ որուն փետրուարի 21ը պետական տօնացոյցին մէջ հաստատուեցաւ որպէս «Մայրենի Լեզուի Օր»:
Ան աւելցուց ըսելով «հայապահպանութեան հիմնախնդրի լուծման եւ ազգային ինքնութեան ամրապնդման ի խնդիր՝ Զմմառեան Միաբանութեան ժառանգաւորներս եւս, որպէս սփիւռքի մէջ գործող կարեւոր կրթօճախներէն մին՝ ընդհառաջելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան կոչին, կազմակերպեցինք սոյն միջոցառումը»:
Ապա հրաւիրեց ժառանգաւորաց փոխ տեսուչ՝ գերապատիւ՝ Հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանը, որպէսզի արտասանէ ՀՀ սփիւռքի նախարարուհի՝ Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի ուղերձը ուղղուած սոյն միջոցառումը կազմակերպողներուն ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար լիբանանահայութեան, ըսելով «Ձեզ՝ սիրելի դպրեվանքցիներ, լիբանանահայ համայնքի իմ սիրելի հայրենակիցներ, բոլորին՝ հոգևոր հայրերին, մեր բոլոր ուսուցիչներին, աշակերտներին կրկին հղում եմ ողջույններ մայրենի տոնի առթիվ, մաղթում եմ, որ հանդիսությանը, որին այդքան ջերմեռանդորեն պատրաստվել եք, նոր՝ հայրենաշունչ լիցքեր հաղորդի ներկաներին և ուղենիշ հանդիսանա ազգային դիմագիծը, մայրենի լեզու-սրբությունը պահպանելու ճանապարհին»:
Ժառանգաւորներն ու նորընծաները հերթաբար ներկայացուցին Մայրենիի նուիրուած ոտանաւորներու ծաղկաքաղ մը՝ Նայիրի Զարեանի «Հայոց Լեզու»ն ասմունքեցին Վարդան Ճալլուֆն ու Լեւոն Ստեփանը:
Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ Որդուն»ը՝ Յովիկ Գոյունեանն ու Հրակ Վահրատեանը:
Սրինգի վրայ Յորժամը նուագեց Յովհաննէս Չագըրեանը:
Խաչիկ Դաշտենցի «Մեսրոպ Մաշտոցին»ը՝ Քրիստ Միքայէլը:
Նորընծաներուն անունով հայոց լեզուի շուրջ մտոռումներ ներկայացուց Սարգիս Մարաշլեանը:
Օրուան բանախօս՝ կիս.սրկ. Տիգրան Փիլիպպոսը սփիւռքի մէջ գործող կառոյցներու հասցէին դրուատանքի խօսքեր շռայլելու կողքին, անդրադարձաւ գաղթօճախներու մէջ առկայ ուծացման վտանգին եւ զայն կանխարգիլելու ուղիներ ոռոնելու կարեւորութեան մասին, ապա լաւատեսական տրամադրութեամբ աւելցուց «քանզի 21-րդ դարը ազգերու զտման դար պիտի հանդիսանայ եւ իւրաքանչիւր ցեղախումբ պիտի համախմբուի իր լեզուախմբի շուրջ: Վերոյիշեալ գաղափարը, ազգայնամոլութենէ մղուած չէ որ կ’ըսեմ, այլ` այժմեան աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու լոյսին տակ եւ անորմէ մեկնած` կ’եզրակացնեմ»: Եւ կոչով մը եզրափակեց խօսքը «Ուստի եկէք Մայրենիին նուիրուած այս տօնակատարութիւնը վերածենք ամենօրեայ մշտական տօնի, շարունակ հայերէն խօսելով մեր մայրենին դարձնենք առաւել արդիական եւ առաւել կենսունակ»:
Ժառանգաւորները փառապանծ հայոց լեզուի նուիրուած երգերու փունջ մը հնչեցուցին «Ով մեծասքանչ դու լեզու», «Ով Հայոց Աշխարհ» եւ «Ս. Թարգմանչաց Սահակայ եւ Մեսրովպայ շարականը», ղեկավարութեամբ ժառանգաւորաց փոխ տեսուչ՝ Գերապատիւ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ տիար Մանուէլ Քէշիշեանի: Ապա Սիամանթոյի «Գիւտին Փառքը» ասմունքեց Ժագ Քէշիշեանը, ֆլիւթի ընկերակցութեամբ՝ Յովհաննէս Չագըրեանի:
Լիբանանի հնագոյն յուշահամալիրներէն մին հանդիսացող Զմմառու վանք-համալիրը 2009-ին զբօսաշրջիկութեան նախարարին կողմէ պաշտօնականօրէն գրանցուեցաւ Լիբանանեան կրօնազբօսաշրջիկութեան ցուցակին մէջ: Առ այդ այստեղ խնամքով պահպանուած Մեսրոպատառ կարգ մը մատեաններ տեսաերիզի միջոցաւ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնուեցաւ զոր պատրաստած էին Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանն ու Ժան Տիգրան Փիլիպպոսը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց, երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ժառանգաւորաց եւ սուրբ Միքայէլ ընծայարանի տեսուչ՝ Գերապատիւ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանը: «Ազգային նկարագրի կարեւորագոյն բաղադրիչը հանդիսացող հայոց լեզուն, սփիւռքի պահպանութեան ամենաէական կռուանն է: Մօր կաթին հետ մատուցուող եւ մօր կաթին չափ կենսական այս գործօնը, անհատնում աղբիւր է հայ ժողովուրդի պահպանութեանն ու անոր բարգաւաճմանը»: Տեսուչ հայր սուրբը հետեւեալ խօսքերը արտասանելէ ետք վեր առաւ այն գաղափարը որ հայապահպանութեան ուղղութեամբ տարուած իւրաքանչիւր գործ՝ արժանի է խրախուսանքի ըսելով աւելցուց «Մայրենիին տէր կանգնիլ չի նշանակեր, որ այն խնամքով մեր տան կամ աշխատանքային վայրերու գրադարաններու մէջ պահել եւ օտարներուն առջեւ հպարտանալ Մեսրոպեան տառերու հանճարեղ գեղագիտական ու ոճային ինքնատիպ լուծումներով: Մայրենիին տէր կանգնիլ կը նշանակէ իւրացնել այն իր բոլոր նրբերանգներով ու ելեւէջներով, տէր կանգնիլ կը նշանակէ՝ անարատ ու անբիծ ձեւով զայն սերունդներու ժառանգութիւն ընել, որպէսզի անոնք եւս զգան իրենց լեզուի քաղցրութիւնն ու ջերմութիւնը»: Ան ընծայարանի մէջ Մայրենիի պահպանման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներու շուրջ անդրադառնալով եզրափակեց խօսքը «Պատմական հպանցիկ ակնարկն իսկ, բաւական է հասկնալու ու գնահատելու այն մեծ աւանդն ու նշանակութիւնը, որ ունեցած է Զմմառու վանք-դպրանոցը հայ մտքի ու հաւատքի ծաղկման մէջ»:
Ապա հայրենի իշխանութեանց անունով խօսք առաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Աշոտ Քոչարեան, ան հանգամանօրէն ներկայացուց հայոց լեզուի օրուան ստեղծմանն ու ընթացքին մասին: Խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց միջոցառման կազմակերպողներուն ըսելով «Շնորհաւորենք այսօր միմիանց Մայրենի լեզուի նուիրուած պետական տօնի առթիւ եւ մեծարենք ու փառաբանենք մեր մեծասքանչ մայրենին՝ ամենուրեք խօսելով հայերէն: Իւրաքանչիւր հայի թող կտակի մատաղ սերնդի՝ լինել լեզուասէր եւ ազգասէր, տիրապետել հայերէնին:
Բարձր ենք գնահատում Զմմառի վանքի միաբանութեան այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը նուիրուած Մայրենի լեզուի օրուան եւ մաղթում նորանոր յաջողութիւններ Ձեր ազգանուէր, լեզուապահպանութեանն ու հայապահպանութեան ուղուած ամենօրեայ աշխատանքում»:
Այնուհետեւ, Զմմառու վանքի մեծաւոր՝ Գերապայծառ Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան եւ ժառանգաւորաց տեսուչ՝ գերապատիւ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանը ընծայարանիս 50 ամեակի յուշանուէրովը պարգեւատրեցին հայրենի դեսպան տիար Աշոտ Քոչարեանը: Մեծաւոր հայրը իր արտասանած խօսքին մէջ վեր առաւ Մայրենիին զարկ տալու գաղափարը եւ հայրենիքի մէջ Զմմառեան միաբանութեան գրանցման հարցը, ապա շնորհաւորելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով ապա պահպանիչի օրհնութեամբը եզրափակեց Մայրենիի նուիրուած տօնակատարութիւնը:
Սօսէ Փիլաւճեան
Զմմառ