ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Համաշխարհային Համահայկական Ձմեռնային Խաղերու Լիբանանի Եւ Կիպրոսի Կեդրոններու Անդամները
Փետրուար 28-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Համաշխարհային համահայկական ձմեռնային խաղերու գործադիր կոմիտէի անդամ Միսաք Նաճարեանը, Համահայկական ձմեռնային խաղերու Լիբանանի կեդրոնի անդամներ Նշան Համամճեանը, Վահան Համամճեանը եւ Կիպրոսի գործադիր կոմիտէի անդամ Յարութ Թահմազեանը:
Հիւրերը նախարարին շնորհակալութիւն յայտնեցին ցուցաբերած աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին մարզիկներու գրանցած յաջողութիւնները:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց ներկաները, շնորհաւորեց յաղթանակներու առիթով եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Մերձաւոր արեւելքի երկիրներէ յաջողութեան հասած մարզիկներու ելոյթներու առիթով: Քննարկուեցան Լիբանանի հայ համայնքի ներկայիս իրավիճակին եւ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու հիմնախնդիրներուն առնչուող այլ հարցեր:
Հանդիպման աւարտին համահայկական երեք մարզական միութիւններու` ՀՅԴ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան, ՍԴՀԿ Հայ մարմնակրթական միութեան եւ ՀԲԸՄ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան կողմէ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին յանձնուեցաւ Համահայկական առաջին ձմեռնային խաղերը խորհրդանշող յուշանուէր: