Սումկայիթեան Ջարդերու 26-րդ Տարելիցին Նուիրուած Շարժանկարի Դիտում Եւ Դասախօսութիւն ԱՀԵԿ Կեդրոնին Մէջ

Փետրուար 28-ին Ախալցխայի Հայկական Երիտասարդական Կրթամշակութային Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն նուիրուած Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ 1988թ. փետրուարին հայերու նկատմամբ իրագործուած ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:

Դասախօսութեան ընթացքին կեդրոնին մէջ հաւաքուած երիտասարդները կրկին անգամ ծանօթացան 26 տարի առաջ Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայերու հանդէպ իրագործուած դաժան ցեղասպանութեան պատմութեան:

Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ վաւերագրական շարժանկարի դիտում Սումկայիթեան ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

Շարժանկարի ցուցադրութենէն ետք երիտասարդները խօսեցան այն մասին, որ անոնք տեղեակ են Սուկայիթեան ողբերգութեան, սակայն նշեցին, որ շատ կարեւոր է ամէն տարի հաւաքուիլ եւ յիշել անմեղ զոհերը, ինչպէս նաեւ կրտսեր սերունդին եւս պատմել դաժան ճշմարտութիւնը:

Երիտասարդները նաեւ խօսեցան ատրպէյճանական սուտ քարոզչութեան հակազդելու անհրաժեշտութեան կարեւորութեան մասին:

Akhaltskha.Net

Scroll Up