Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. Սրբոց Վարդանանց Տօնի Հանդիսաւոր Նշում
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/02/vartan_ousoum-720x428.jpg)
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` չորեքշաբթի, 26 փետրուար 2014-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնին նուիրուած աշակերտական ձեռնարկ մը` մասնակցութեամբ ազգային վարժարաններու աշակերտութեան եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ազգային վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցչական կազմերու անդամներուն:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար` Ազգային Լ. եւ. Ս. Յակոբեան քոլեճի աշակերտ Ռիթա Կրակեան: Ան հաստատեց, որ Աւարայրի ճակատամարտը փայլուն օրինակ մըն է, թէ ինչպէ՛ս փոքր ազգեր կը դառնան հսկայ` ոգորելով, արիւնելով ի սէր ազատութեան: Զօրաւոր հաւատքը ներշնչեց Վարդանը եւ իր քաջ ընկերները` զանոնք վերածելով նահատակութեան քաջութիւնը ունեցող հերոսներու: «Այդ հաւատքին ջահով լուսաւորուեցան Վարդանանց ժառանգորդները, որոնք ազատութեան երկինքներ բացին մեր աչքերուն առջեւ` կերտելով Սարդարապատը, ստեղծելով Փետրուարեան ապստամբութիւնը, ազատագրելով Ղարաբաղը», շեշտեց Ռ. Կրակեան:
Ազգային Ս. Խանամիրեան վարժարան
Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ
Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան
Այնուհետեւ գործադրուած գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը` երգ, ասմունք, պար, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը` ասմունք, երգ, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարանը` կենդանի պատկեր, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանը` երգ, Ազգային Ռուբինեան վարժարանը` Միախառն երգ-ասմունք, Ազգային Աբգարեան վարժարանը` երգ, պար եւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճը` ասմունք:
Շահէ եպս. Փանոսեան
Հանդիսութեան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան նկատել տուաւ, որ Վարդանանց պատերազմը ազգային եւ միջազգային հասկացողութեամբ հաւատքի եւ հայրենիքի համար մղուած առաջին պայքարներէն մէկն էր: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց այդ ժամանակաշրջանի դէպքերուն, հայ ժողովուրդի ունեցած անդրդուելի հաւատքին, պարսիկներու պարտադրած զրադաշտական շարժումին` հաստատելով, որ հայ ժողովուրդը մերժեց Յազկերտի հրահանգը` քաջ գիտնալով, որ այդ կեցուածքը պատճառ պիտի դառնար շատերու մահուան եւ երկրի աւերումին:
«Վարդան Մամիկոնեանի նահատակութեամբ պայքարը վերջ չգտաւ: Յաջորդող 33 տարիներուն հայ ժողովուրդը հաւատարմօրէն շարունակեց պայքարիլ պարսկական ուժերուն դէմ, մինչեւ որ Պարսկաստանը ի վերջոյ զիջեցաւ եւ հայութիւնը վերստացաւ իր ազատութեան իրաւունքը», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ Վարդան Մամիկոնեան փորձեց պաշտպանել հայ ժողովուրդին իրաւունքը եւ իր կեանքը նուիրելով յաջողեցաւ պարսկական հսկայ կայսրութենէն պահանջել այն, ինչ որ հայութեան կը պատկանէր:
«Վարդանանց տօնը այս գեղեցիկ առիթն է, որպէսզի մենք մեզ յիշեցնենք, թէ անոնց պարտականութիւնը կը շարունակուի մեզմով: Մենք կը պատրաստուինք այն կեանքին, որուն պաշտպանութիւնը կատարեցին Վարդանանք», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը` յորդորելով աշակերտներուն պահելու ինչ որ հայկական է, նուիրական եւ սուրբ մեր ժողովուրդին համար` հեռու պահելով մեզմէ վատութիւնն ու դաւաճանութիւնը:
http://www.aztagdaily.com/