Թուրքիոյ Մարդու Իրաւունքներու Կազմակերպութիւնը Բողոքած Է ՄԻԵԴ-ի` Փերինչէքի Հայցը Բաւարարելու Առիթով

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի` Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող Դողու Փէրինչէքի գործով կայացուցած որոշման դէմ բողոքած է նաեւ Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու կազմակերպութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը` վկայակոչելով թրքական Demokrathaber.net-ը, կազմակերպութիւնը գրաւոր դիմում ուղարկած է Զուիցերիոյ արդարադատութեան նախարարութիւն` պահանջելով մինչեւ մարտ 17-ը բողոքարկել ՄԻԵԴ կայացուցած որոշումը:

Դիմումին մէջ կազմակերպութեան անդամները, նշելով, որ իրենք կը խօսին բոլոր անոնց անունէն, որոնք Թուրքիոյ մէջ դէմ են ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան, ընդգծած է, որ իրենք ականատես են այն բանին, թէ ինչպէս  Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը կը ստեղծէ հակաժողովրդավարական մթնոլորտ, հող նախապատրաստելով ատելութեան վրայ հիմնուած յանցագործութիւններու իրականացման, ոտնահարելով մարդու իրաւունքները:

Իբրեւ Ցեղասպանութեան ժխտման բացասական հետեւանքներու օրինակ անոնք յիշեցուցած են 2007 թուականին Հրանդ Տինքի, ապա 2011 թուականի ապրիլ 24-ին թրքական բանակին մէջ ծառայող Սեւակ Պլըքչըի սպանութիւնները: Դիմումին մէջ նշուած է, որ Դողու Փէրինչէքի հայցով ՄԻԵԴ ընդունած որոշումը մեծ սխալ է: Անոնք յիշեցուցած են, որ «ժխտումը ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է»:

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը բաւարարած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար զուիցերական դատարանի կողմէ մեղաւոր ճանչցուած քաղաքական գործիչ, Աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Դողու Փերինչէքի հայցը, որ այժմ Էրգենեքոնի դատական գործով ձերբակալուած է Թուրքիոյ մէջ: 2008 թուականին զուիցերական դատարանը Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար Փէրինչէքին դատապարտած էր 3 ամսուան ազատազրկման, այնուհետ ազատազրկման որոշումը դատարանը փոխարինած էր վարչական տուգանքով:

Եւրոդատարանը Դողու Փէրինչէքի հայցի բաւարարումը հիմնաւորած է անով, որ զուիցերական դատարանը խախտած է Եւրոպական պայմանադրութեան խօսքի ազատութեան վերաբերեալ 10-րդ եւ 7-րդ յօդուածները:

http://armenpress.am/

Scroll Up