Գլխաւոր Նպատակս Է Վերադարձնել Ախոյեանական Տիտղոսը. Արթուր Աբրահամ

Բռնցքամարտի սուփերմիջին քաշային կարգին աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ (38-4) անդրադարձած է աշխարհի գործող ախոյեան Ռոպերտ Շտիգլիցի դէմ մենամարտին:

«Այս մենամարտը «ամեն ինչ, կամ` ոչինչ» ժանրէն է: Կ’ընեմ ամէն հնարաւոր` ախոյեանական տիտղոսը վերադարձնելու համար: Պէտք է արդարացնեմ մարզիչիս, հարազատներուս, երկրպագուներուս եւ բոլոր ինձ հաւատացողներու վստահութիւնը: Այս պահին ատիկա իմ միակ եւ գլխաւոր նպատակն է»,- 34-ամեայ Աբրահամի խօսքերը կը մէջբերէ sport.de-ն:

Յիշեցնենք, որ Աբրահամի եւ 32-ամեայ Շտիգլիցի (46-3) միջեւ մենամարտը կը կայանայ մարտ 1-ին գերմանական Մագդեբուրգի մէջ:

http://www.1in.am/

Scroll Up