Երեւանի Մէջ Երթեւեկութեան Կանոնակարգումով Հեծանուուղի Պիտի Գործէ

Երեւանի քաղաքապետարանի առաջարկութեամբ ՀՀ Ճանապարհային ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան մէջ հերթական քննարկումի հրաւիրուած է` երթեւեկելի գօտիի մէջ ամենաաջակողմեան հատուածը համատեղութեամբ հեծանիւներու տրամադրելու հարցով: Քննարկման մասնակցած են ՀՀ ՃՈՅ պետի տեղակալ Եգոր Կարապետեան, Երեւանի ՃՈՅ պետ Արսէն Արշակեան, Երեւանի քաղաքապետի օգնական, երիտասարդական խորհուրդի նախագահ Սամուէլ Մերթարջեան, Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի երթեւեկութեան վարչութեան աշխատակիցներ, Սիրողական հեծանուային մարզանքի եւ հեծանուային զբօսաշրջութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հեծանուային մարզաձեւի միութիւններու նախագահները, սիրողական կարգի հեծանուորդներ:
Երեւանի ՃՈՅ պետ Արսէն Արշակեանի խօսքով` շատ երեւանցիներու համար հեծանիւը աստիճանաբար մշտական փոխադրամիջոց պիտի դառնայ, հետեւաբար յառաջացած է հեծանուային երթեւեկութիւնը եւս կանոնակարգելու կարիք:
Սամուէլ Մերթարջեան ներկայացուցած է, որ աշխատանքային խումբը նախապէս մշակած է եւ կ’առաջարկէ Մատենադարանէն Էրեբունի թանգարան հեծանուային երթուղին, որ պէտք է համապատասխանաբար գծանշուի ու կահաւորուի:
«Ընտրուելով Մատենադարանից Էրեբունի թանգարան երթուղին, Հայաստանի եւ Երեւանի համար կարեւորագոյն այս երկու կառոյցները ներառելով, հեծանուային երթուղին նաեւ զբօսաշրջութեանը սպասարկող բաղադրիչ կը դառնայ: Առաջարկուող երթուղին առաջինն է. յաջողութեան պարագայում, եթէ պահանջարկը լինի, կարծում եմ, նոր քննարկումների արդիւնքում կարող ենք ընդլայնել երթուղին: Մենք ուսումնասիրել ենք նաեւ եւրոպական յատկապէս այն քաղաքների փորձը, որտեղ հեծանուուղիները ներդրուել են դրանց համար ոչ յատուկ նախատեսուած փողոցներում»,- նշած է Սամուէլ Մերթարջեան:
Երթուղիի քարտէզագրման քննարկուող տարբերակները հաշուի առնելով` շտկումներ կատարելէ ետք Երեւանի ՃՈՅ պետի առաջարկութեամբ նշուած երթուղին պիտի փորձարկուի` քննարկումներուն մասնակից Սիրողական հեծանուային մարզանքի եւ Հայաստանի հեծանուային մարզաձեւի միութեան անդամներու աջակցութեամբ: Փորձարկումները պիտի մեկնարկեն մարտին:
Ի դէպ, ապրիլին Երեւանի մէջ նոր տիպի հեծանուային կանգառներ պիտի բացուին:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան
եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւն