Լեւոն Աղասեան Յաղթած Է Պալքանեան Երկիրներու Ձմեռնային Առաջնութեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/02/2f50426d00029c1b3f403a3ae99a19f1.jpg)
2014 թուականի փետրուար 22-ին Սթամպուլ քաղաքին մէջ կայացած է մարզախաղերու Պալքանեան երկիրներու ձմեռնային առաջնութիւնը, որուն մասնակցած են 15 երկիրներու հաւաքական խումբեր: Հայաստանի պատուիրակութեան տղամարդոց խումբէն`
2013 թուականի երիտասարդներու Եւրոպայի ախոյեան, կապանցի Լեւոն Աղասեան եռացատկ մրցաձեւին 16 մ 16 սմ արդիւնքով գրաւած է 1-ին տեղը եւ դարձած առաջնութեան յաղթող:
Նոյն մրցաձեւին կանանց խումբէն` երեւանցի Սաթենիկ Յովհաննիսեան 12 մ 84 սմ արդիւնքով գրաւած է 3-րդ մրցանակային տեղը:
Խմբային պայքարին մէջ Հայաստանի եւ՛ տղամարդոց եւ՛ կանանց հաւաքականները 15 խմբային պայքարին գրաւած են 6-րդ տեղը: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքէն: