Տեառնընդառաջը Լիպեցկի Հայ Համայնքէն Ներս

Արտասովոր եռուզեռ էր Լիպեցկի կիրակնօրեայ հայկական դպրոցին մէջ: Սովորաբար դպրոցը չանտեսեր ազգային ու եկեղեցական ոչ մէկ տօն, իսկ աւանդական տօներուն  յատուկ նշանակութիւն կը տրուի: Տարիներու փորձը ցոյց կու տայ, որ ժողովուրդը աւելի մեծ ոգեւորութեամբ կը սպասէ հոգեւոր տօները: Այս տարի առանձին շուքով նշուեցան Տրընդէզը (Տեառնընդառաջ) եւ սուրբ Սարգիսի տօնը: Դպրոցը ներկայացուց հետաքրքիր ծրագիր` հայկական աւանդական հարսանիքի ծիսակատարութիւն: Մեքենաներու շարքը դպրոցէն շարժեցաւ «Պոլեոտ» շինութիւն, որու վեհաշուք դահլիճը տրամադրուած էր ձեռնարկը իրականացնելու համար: Անուշեղէնով առատ սեղանները, կենդանի երաժշտութիւնը իսկական հարսանեկան տրամադրութիւն կը ստեղծէին, այն աստիճան, որ նոյնիսկ անհաւատալի էր , որ ատիկա ընդամէնը ներկայացում է , որուն նպատակն է պահպանել ու փոխանցել ազգային սովորոյթներն ու աւանդոյթները: «Հարսանիքի» արարողութենէն ետք «նորապսակները» դուրս եկան բակ,  խարոյկին մօտ: Դպրոցի «Կռունկ» պարախումբը կրակի մօտ շուրջպար  բռնած էր, իսկ նորապսակներն ու երիտասարդները կը թռչէին կրակի վրայով` հաւատքով, որ ցաւ ու չարը այրեցան կրակի բոցերու մէջ : Դահլիճ վերադառնալուն պէս այս տարուան նորապսակներու միջեւ հետաքրքիր խաղ կազմակերպուեցաւ` հարց ու պատասխանի մրցոյթ, որու յաղթողները խրախուսուեցան:

 Մինչեւ ուշ երեկոյ շարունակուած տօնակատարութեան ընթացքին  դահլիճին մէջ կը թնդար հայ երգն ու պարը:

 Շնորհակալութիւն կազմակերպիչներուն, փառք ու պատիւ ազգասէր հայորդիներուն,  որ օգնեցին իրականացնելու այդ գեղեցիկ ձեռնարկը :

Սիլվա Մկրտչեան, Լիպեցկ

Scroll Up