Ստեֆեն Սեթրագ Մուրադեան Ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անձնագիր
Փետրուար 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Մեծ Բրիտանիոյ հայազգի քաղաքացի, Լոնտոնի սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ ատենապետ Ստեֆեն Սեթրագ Մուրադեանը, որ վերջերս դարձած էր ՀՀ քաղաքացի, մեծ հանդիսաւորութեամբ յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիր:
ՀՀ Նախագահի թոյլտուութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան վերապահուած է հայազգի նշանաւոր զաւակներուն եւ գործիչներուն ՀՀ քաղաքացիութեան անձնագիրներ յանձնելու արտօնութիւնը:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, բարձր գնահատելով Ստեֆեն Մուրադեանի հայրենանուէր գործունէութիւնը եւ ի բարօրութիւն հայրենիքի համար աշխատելու նուիրումը, վստահութիւն յայտնեց, որ ՀՀ քաղաքացի ըլլալը անոր համար մեծ պատիւ եւ պատասխանատուութիւն պիտի ըլլայ:
Ստեֆեն Մուրադեան հանդիսաւորութեամբ երդուեցաւ եւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիրը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին եւ խոստացաւ ապագային եւս աշխոյժ համագործակցելու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ:
Ձեռնարկին աւարտին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ստեֆեն Մուրադեանին նուիրեց ՀՀ Սահմանադրութեան արեւմտահայերէն օրինակը: