Հայաստանի ԱԳ Նախարարի Այցելութիւնը Իրաք
Փետրուար 16-ին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան պաշտօնական այցով ժամանեց Պաղտատ: Օդակայանին մէջ անոր դիմաւորեց Իրաքի ԱԳ նախարար Յօշիար Զեպարին: Դիմաւորման արարողութեան յաջորդեց նախարարներու կարճատեւ առանձնազրոյցը:
Փետրուար 17-ին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին ընդունեց Իրաքի Հանրապետութեան վարչապետ Նուրի Ալ-Մալիքին:
Ողջունելով Հայաստանի ԱԳ նախարարին` Իրաքի վարչապետը նշեց, որ իր երկիրը շահագրգռուած է հնարաւոր բոլոր բնագաւառներուն մէջ Հայաստանի հետ համագործակցութեան խորացմամբ, եւ ըդնգծեց, որ ատոր համար առկայ է մեծ ներուժ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ հայ եւ իրաքցի ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւնները դարերու պատմութիւն ունին: «Մենք բարձր ենք գնահատում մեր երկու բարեկամ ժողովուրդների եւ պետութիւնների միջեւ ձեւաւորուած յարաբերութիւնները եւ ցանկանում ենք առաւել զարգացնել դրանք, ու իմ այցելութեան գլխաւոր նպատակը հէնց դա է»-ըսաւ նախարարը:
Իրաքի վարչապետն ու Հայաստանի ԱԳ նախարարը հանգամանալից քննարկեցին երկու երկիրներու միջեւ իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, առեւրատնտեսական, կրթական, առողջապահութեան, գիւղատնտեսութեան եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան խթանման, Հայաստանի եւ Իրաքի միջեւ ուղիղ օդային հաղորդակցութեան հաստատման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը, կարեւոր համարուեցաւ միջկառավարական յանձնաժողովի արդիւնաւէտ աշխատանքը:
Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը տեղեկացուց վարչապետ Ալ-Մալիքիին Էրպիլի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւն հիմնադրելու մտադրութեան մասին:
Նախարար Նալբանդեան տեղեկացուց նաեւ Իրաքի քաղաքացիներու համար Հայաստանի մուտքի արտօնագիրի տրամադրման կարգի դիւրացման` հրաւէրի պահանջը հանելու վերաբերեալ ՀՀ կառավարութեան որոշման մասին` յոյս յայտնելով, որ ատիկա կ’աշխուժացնէ գործարար կապերը, մանաւանդ որ երկու երկիրներու ձեռներէցներու կողմէ առկայ է նման հետաքրքրութիւն:
Երկուստեք գոհունակութեամբ նշուեցաւ, որ վերջին չորս տարիներուն ընթացքին երկու երկիրներու միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը քանի մը անգամ աճած է եւ արդէն կը կազմէ մօտ 80 մլն ԱՄՆ տոլար:
Անդրադառնալով իրաքահայ համայքնին` Նուրի Ալ-Մալիքին ըսաւ. «Հայերը դարերով աշխատած եւ արարած են Իրաքի մէջ, իրենց նպաստը բերած երկրի զարգացման, եւ այսօր ալ, չնայած բարդ իրավիճակին, իրաքահայութիւնը կը շարունակէ աշխատիլ յանուն Իրաքի բարգաւաճման»:
Նոյն օրը կայացաւ Հայաստանի ԱԳ նախարարի հանդիպումը Իրաքի փոխնախագահ Խուտէյր Ալ-Խուզայի հետ:
Ողջունելով Հայաստանի ԱԳ նախարարին` Իրաքի փոխնախագահը նշեց, որ հայ-իրաքեան համագործակցութիւնը զգալի աճ արձանագրած է վերջին տարիներուն, եւ այդ գործին մէջ կարեւոր համարեց Պաղտատի եւ Երեւանի մէջ երկու երկիրներու դեսպանութիւններու վերաբացումը եւ բարձր մակարդակի փոխայցելութիւնները: Ան ընդգծեց, որ Իրաքը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով պատրաստ է մեծ քայլերով առաջ երթալ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Էդուարդ Նալբանդեան խնդրեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգեանի ողջոյններն ու բարեմաղթանքները փոխանցել Իրաքի Նախագահ Ճալալ Թալապանիին:
Հանդիպան անդրադարձ կատարուեցաւ քաղաքական, առեւտրատնտեսական, կրթական, մշակութային, առողջապահութեան բանագաւառներուն մէջ երկկողմ համագործակցութեան:
Իրաքի փոխնախագահը ներկայացուց երկրին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման ուղղուած իշխանութիւններու ջանքերը:
Փետրուար 17-ին Պաղտատի մէջ կայացան Հայաստանի եւ Իրաքի ԱԳ նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Յօշիար Զեպարիի բանակցութիւնները:
Ողջունելով Էդուարդ Նալբանդեանի այցելութիւնը Պաղտատ` Յօշիար Զեպարին վստահութիւն յայտնեց, որ այն նոր եռանդ կը հաղորդէ երկկողմ բազմաբովանդակ փոխգործակցութեան: «Վերջին տարիներուն երկու ԱԳ նախարարները բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած են, ձեռք բերուած են պայմանաւորուածութիւններ, որոնց համաձայն` մենք յստակ քայլեր կատարեցինք համագործակցութիւնը նոր մակարդակի վրայ բարձրացնելու նպատակով, եւ այսօր ականատես ենք լաւ արդիւնքներու` դեսպանութիւններու վերաբացում, աշխոյժ գործող միջկառավարական յանձնաժողով, իրար սատարելով միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ, առեւտրաշրջանառութեան շեշտակի աճ»,- ըսաւ Իրաքի ԱԳ նախարարը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով Պաղտատ այցելելու հրաւէրի եւ ջերմ ընդունելութեան համար` նախարար Նալբանդեան նշեց. «Իրաքի եւ Հայաստանի ժողովուրդներին կապում է ժամանակի փորձութիւնն անցած աւանդական բարեկամութիւնը, ինչն էլ ամուր հիմք է հանդիսանում երկու պետութիւնների միջեւ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը զարգացնելու եւ ընդլայնելու համար»:
Նախարարներու հանդիպման անդրադարձ կատարուեցաւ երկողմ օրակարգի հարցերու լայն շրջանակին, միջազգային եւ տարածաշրջանային շարք մը խնդիրներուն:
Էդուարդ Նալբանդեանն ու Յօշիար Զեպարին գոհունաթեամբ արձանագրեցին տարբեր բնագաւառներու մէջ հայ-իրաքեան փոխգործակցութեան ընդլայնման ուղղութեամբ գործնական համաձայնութիւններու իրագործման գործընթացքին:
Նախարար Նալբանդեան իրաքցի գործընկերոջը ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման նպատակով Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան գործադրած ջանքերը` բարձր գնահատելով Իրաքի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը հիմնահարցի վերաբերեալ:
Նախարար Զեպարին մանրամասն ներկայացուց իրաքեան կառավարութեան ջանքերը` ուղղուած Իրաքի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման, ապրիլին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխանքները:
Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Իրաքի ԱԳ նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսը:
Նախարար Նալբանդեան այցելեց Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Իրաքի հայկական համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները, երկրին մէջ իրականացուող բարեփոխումները, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման նպատակով ձեռնարկող քայլերը, պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցերուն:
Հայաստանի ԱԳ նախարարի այցելութիւնը Իրաք լայնօրէն լուսաբանուեցաւ տեղական եւ տարածաշրջանային լրատուամիջոցներու կողմէ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: