Հայաստանի Մէջ Առաջին Գորգագործութեան Թանգարան

Նախապատրաստական վերջնական աշխատանքներու աւարտէն ետք 2014 թուականի մարտի վերջաւորութեան  Երեւանի մէջ կը բացուի հանրապետութեան առաջին գորգագործութեան թանգարանը: Հայկական գորգը աշխարհի մէջ հանրահռչակելու, տեղական եւ միջազգային հանրութեան մէջ թանգարանի միջոցով ներկայացնելու առաքելութիւնը յանձն առած է «Մէգերեան քարփէթ» ընկերութիւնը: «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ընկերութեան արտադրութեան եւ առեւտրային գիծով տնօրէն Լէոնիդ Անդրէասեան պատմեց, որ թանգարանը կ’ունենայ 230 քմ տարածք:

«Թանգարանում տեղ կը գտնեն հայկական հնագոյն, շուրջ 200 տարուայ պատմութիւն ունեցող գորգեր, ինչպէս նաեւ բացառիկ նմուշներ Մէգերեան ընտանիքի անձնական հաւաքածուից»,- նշեց Անդրէասեան: Ան տեղեկացուց, որ թանգարանի ցուցադրութիւնը պարբերաբար պիտի թարմացուի, համալրուի եւ փոխարինուի նոր ցուցանմուշներով: Ցուցադրուող գորգերէն շուրջ 50-ը Նիւ Եորքէն պիտի բերուին Երեւան:

Մէգերեան ընտանիքը աւելի քան չորս սերունդ զբաղած է հին գորգերու վերականգնումով եւ նոր գորգերու արտադրութեանբ: 1917 թուականին Մէգերեանները գաղթած են ԱՄՆ եւ հիմնած «Մէգերեան» ընկերութիւնը, որ սկիզբը զբաղած է հին գորգերու վերանորոգումով եւ լուացումով, ինչպէս նաեւ առքուվաճառքով: Գորգեր ստեղծելու գործին մէջ վարպետութեան եւ հմտութեան աւանդոյթը կը վերագրուի Մէգերեաններու վերջին` չորորդ սերունդի ժամանակաշրջանին: Մօտ երեսուն տարի առաջ Մէգերեաններու ընտանիքը սկսաւ այդ գորգերու վերարտադրութիւնը, որոնց հիմքին ինկած էին գորգերու տեսքի եւ հնագոյն ոճի սկզբունքները:

 Արտադրութեան եւ առեւտրային գիծով տնօրէնը ընդգծեց, որ ընկերութեան սեփականատէր Րաֆֆի Մէգերեանի մեծ ցանկութիւնն է, որ թանգարանի հաւաքածուն հասանելի ըլլայ բոլորին եւ մուտքը ազատ ըլլայ այցելուներու համար:

«Մենք ցանկանում ենք աշխատել դպրոցների, մանկապարտէզների, այլ կրթական հաստատութիւնների հետ, որովհետեւ այն մշակութային ժառանգութիւնը, որ ներկայացնելու ենք, բոլորինս է»,- ըսաւ Անդրէասեան` կարեւոր համարելով նաեւ լրագրողներու դերը գորգագործութեան հանրահռչակման գործին մէջ:

«Մէգերեան քարփէթ» ընկերութեան մասնագէտները յաջողած են գորգերու բնական նիւթերով ներկրման մեթոդը: Սպիտակ թութի թեփը, նուռի կեղեւը, անթառամ ծաղիկը եւ շատ այլ նիւթեր գորգերու` անգամ հարիւրամեակներ անց գոյնը պահելու հիմնական գրաւականն են:

Բնական ներկով եւ ամբողջ աշխարհի մէջ յայտնի հայկական կրկնակի հանգոյցով գորգեր պատրաստելը ոչ միայն թանկ, այլեւ ժամանակատար հաճոյք է: Ընկերութեան գորգերը կը զարդարեն ոչ միայն հայաստանեան հեղինակաւոր կառոյցներու պատերն ու յատակը, այլեւ մեծ պահանջարկ ունին արտերկրի մէջ, օրինակ` Վատիկանի մէջ: Մէգերեանները ընդարձակեցին գորգերու արտադրութիւնը Հայաստանի մէջ` օգտագործելով ձեւաւորման տեսակներ, ինչպիսիք են Վասպուրականի, Ղարաբաղի, Լոռիի եւ ժամանակակից այլ ձեւաւորման  տեսակներ:

ՀՀ կառավարութիւնը գորգագործութեան հանրահռչակումը 2013 թ. մշակութային իր քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններէն մէկը ճանչցած էր: Ամբողջ տարին իրականացուած են տարաբնոյթ ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ կազմակերպուած է «Հայկական հանգոյց. գորգարուեստի աւանդոյթները» միջազգային գիտաժողովը, որ միտուած էր մշակոյթի այս տեսակի կենսունակութեան աշխուժացման: Միջնադարուն գորգը նաեւ արտաքին առեւտրի բաղադրիչ մասն էր, հայկական գորգարուեստի շարք մը նմուշներ տեղ գտած են արտերկրի թանգարաններուն, իտալացի եւ հոլանտացի նկարիչներու աշխատանքներուն մէջ:

 http://armenpress.am/

Scroll Up