Յիսուս Քրիստոսի Համբարձումը. հոգեւոր խորհուրդը եւ ժողովրդական ծէսը

Այսօր` մայիս 9-ին, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ  եկեղեցին տօնակատարեց Յիսուս Քրիստոսի  համբարձման տօնը:

Քրիստոս իր չարչարանքներէն ետք ինքզինք կենդանի ներկայացուց աշակերտներուն առջեւ շատ ապացոյցներով` քառասուն օրերու ընթացքին անոնց երեւնալով եւ խօսելով Աստուծոյ արքայութեան մասին: Եւ օր մը անոնց հետ հաց կերած ատենը ապսպրեց անոնց, որ Երուսաղէմէն չհեռանան, այլ սպասեն Հօրը խոստումին, «որ,- ըսաւ,- Ինծմէ լսեցիք, Վասն զի իրա´ւ Յովհաննէս ջրով մկրտեց, բայց դուք շատ օրեր չանցած Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք»:

Անոնք ալ մէկտեղ գալով` կը հարցնէին իրեն ու կ’ըսէին. «Տէ´ր, Իսրայէլի թագաւորութիւնը այս ժամանակի՞ն նորէն պիտի հաստատես»: Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ձեզի չի վերաբերիր ժամերը եւ ժամանակները գիտնալը, որ Հայրը իր իշխանութեանը մէջ դրաւ. Բայց Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»:

Եւ երբ այս խօսքերը ըսաւ, մինչ անոնք կը նայէին, համբարձաւ: Ամպ մը զանիկա անոնց աչքէն ծածկեց: Երբ աչքերնին տնկած դէպի երկինք կը նայէին անոր ետեւէն, ահա երկու ճերմակ հանդերձներով մարդ իրենց քով կայնեցան, որոնք ըսին. «Ո´վ Գալիլիացի մարդիկ, ինչո՞ւ կայներ դէպի երկինք կը նայիք. Այս Յիսուսը որ ձեզմէ երկինք համբարձաւ, այսպէս պիտի գայ` ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը»::

(«Գործք առաքելոց, գլ. Ա, 3-11»)

Ղուկաս աւետարանիչի «Գործք առաքելոցէն» քաղուած այս դրուագը կը ներկայացնէ Յիսուս Քրիստոսի համբարձման տեսարանը, որ տեղի ունեցաւ Անոր հրաշափառ յարութեան 6-րդ շաբթուայ հինգշաբթի օրը, կամ որ նոյնն է` Փրկչի յարութենէն ետք` 40-րդ օրը: Սբ. Զատկուայ տօնի շարժականութեան հետ կապուած` այս տարի այն կը համընկնի մայիս 17-ին:

«Համբարձում» կը նշանակէ բարձրացում: Համբարձումը յարուցեալ Յիսուսի` մարմնով երկինք բարձրանալու եւ Հօր աջ կողմը նստելու յիշատակն է:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին միշտ ալ առանձնակի շուքով նշած է Փրկչի համբարձման յիշատակը, տօն, որ գործնականին մէջ Քրիստոսի երկրային տնօրինութիւններու եւ աւետարանական պատմութեան շրջանի եզրափակումն է:

Փրկիչի յարութենէն մինչեւ համբարձում Անոր 40-օրեայ երեւումները Իր աշակերտներուն, մօրը, իւղաբեր կանանց եւ ուրիշներուն, Անոր այլեւս անկասկածելի ներկայութիւնը առաքեալներու մտքին եւ գիտակցութեան մէջ հաստատեցին, թէ «Արդարեւ յարեաւ Տէր», եւ խաչի ու մահուան խաւարին յաջորդած է գալիք պայծառ օրերու յաւերժական լոյսը` իրենց կեանքի բոլոր օրերուն վրայ: Քրիստոս Իր համբարձումով, սակայն, չհեռացաւ Իր աշակերտներէն, այլ գնաց, որ Սուրբ Հոգին գայ եւ հեղուի անոնց մէջ` բոլորին օժտելով երկնային շնորհներով: Ան համբարձաւ, որպէսզի երկինքը երկրին միաւորէ եւ աստուածացնէ ու փառաւորէ մարդկային բնութիւնը, ինչպէս եւ ըսած էր. «Երբ ես բարձրանամ երկրէն, բոլորիդ դէպի ինծի կը ձգեմ»:

Ան երկինք համբարձաւ եւ նստեցաւ Հօր աջ կողմը` առանց լքելու Իր սիրելի աշակերտներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան ու կը սիրեն Իրեն:

Խորապէս յուզիչ էին Փրկիչի հրաժեշտի խօսքերը Ձիթենեաց լերան բարձրունքին` ուղղուած առաքեալներուն, որոնք այդ խօսքերու լոյսը պիտի տանէին աշխարհին` բազում մարտիրոսութիւններու, նահատակութեան, արեան ու կրակի միջով. «Կը բաժնուիմ ձեզմէ` յաւիտենապէս ձեզի հետ միանալու համար: ճշմարտութիւնը կը ձգեմ ձեզի` որպէս առաջնորդ»: Եւ վերջաւորութեան. «ձեզի հետ կ’ըլլամ ես բոլոր օրերուն` մինչեւ աշխարհի վախճանը»…

Տիրոջ համբարձումը մեզի համար նաեւ Ամենասուրբ Հոգիի գալստեան պարգեւի պատրաստումն էր: Քրիստոս համբարձաւ երկինք, ուրկէ իջած էր Իր աստուածային զօրութեամբ` փրկելու մեղաւորներուն եւ ազատագրելու անոնց մահուան կապանքներէն: Մեզի` քրիստոնեաներուս համար բացարձակ ճշմարտութիւն է, որ թէեւ Տէրը մարմնով բաժնուեցաւ մեզմէ, սակայն հոգիով միշտ մեզի հետ է եւ Իր ամենազօր հովանիին տակ կ’առնէ բոլոր անոնց, որոնք Տիրոջ կամքը կը կատարեն:

Համբարձման տօնը հինէն ի վեր (եւ ցայսօր) մեր ժողովուրդի ամենասիրուած տօներէն մէկն է` ծիսական հարուստ տարրերով ու ժողովրդական սովորութիւններով յագեցած: Տօնը ժողովրդական լեզուով կոչուած է նաեւ վիճակ: Այդ օրը աղջիկները, գոյնզգոյն զգեստ հագած, յատկապէս կարմիր ու կանաչ, ծաղկազարդ վայրերուն մէջ կը կազմակերպէին զբօսանք եւ վիճակախաղ: Հայաստանի որոշ գաւառներուն Համբարձման տօնը կը կոչուէր նաեւ «ճան կիւլումի» օր, որովհետեւ վիճակի համար պատրաստուած տաղերը կը վերջանային «Ճան կիւլում»-ով: Ճան կիւլումը ծաղիկի, գլխաւորապէս վարդի փառաբանանքն էր, եւ այս երեւոյթը, ըստ Արտակ արքեպիսկոպոս Մանուկեանի, ոմանց ենթադրութեան համաձայն, Համբարձման վիճակը, տերեւ ու ծաղիկ հաւաքելը Վարդավառի տօնակատարութենէն մնացած սովորութիւն է:

Այդ օրը կոչուած է նաեւ ծաղիկ գովել: Ցաւօք, մեր օրերուն Համբարձման վիճակը, Ճան կիւլումը եւ ծաղիկ գովելը գրեթէ մոռցուած են, եւ մնացած է միայն զբօսանքի սովորութիւնը դպրոցական տարիքի երեխաներուն եւ ժողովուրդէն մաս մը: Մինչդեռ ժամանակին մեծ տօնախմբութիւն եղած է Համբարձման «Ճան կիւլումը», որ միմիայն աղջիկներուն վերբերող տօն կը համարուէր:

Տօնի նախօրեակին (չորեքշաբթի) աղջիկները դաշտերէն, այգիներէն տուն կը բերէին գոյնզգոյն ծաղիկներ եւ փունջեր կը կապէին, որոնցմէ ամենամեծը, որ խաչաձեւ կ’ըլլար, կը կոչուէր Ծաղկամեր: Ապա պուլիկի մէջ ջուր կը լեցնէին, եւ իւրաքանչիւրը անոր մէջ որեւէ իր դնելով` կը պահէին ծաղիկներուն հետ եւ կը հսկէին, որ տղաքը չգողնան: Յաջորդ օրը` Համբարձման տօնին, կը նստէին բոլորակ, իրենց առջեւը կը դնէին պուլիկին հետ նաեւ ծաղկէփունջերը, եւ այսպէս կը սկսէր վիճակը. մէյ մէկ տուն ժողովրդական երգ կ’ըսէին, որու մէկ տողը կը վերջանար «ճան կիւլում, ճան, ճան» բառերով, իսկ միւս տողը` « Ճան ծաղիկ, ճան, ճան»: Իւրաքանչիւր տունը երգելէ վերջ մանուկի մը ձեռքով, որու երեսը քօղով ծածկուած կ’ըլլար, հանել կու տայյին իր մը. որու որ պատկանէր այդ իրը, անոր լաւ կամ վատ վիճակը կը որոշուէր երգի կամ արտասանուած քառեակի բովանդակութենէն: Այս արարողութիւնը կը կոչուէր «ծաղիկ գովել»: Այս ժողովրդական սովորութիւնը գեղեցկօրէն նկարագրած է մեծն Յովհաննէս Թումանեան իր անմահ «Անուշ» քերթուածին մէջ:
Բոլոր ծաղիկները բաժնելէ ետք Ծաղկամերը` մէջտեղի խաչաձեւ ծաղիկը կը նուիրէին եկեղեցիին:

Վիճակի առիթով յօրինուած ժողովրդական երգերն ու քառեակները իւրատեսակ գուշակութիւններ էին երիտասարդ աղջիկներու ապագայի համար. վիճակի միջոցով «կը որոշուէր» անոնց բախտն ու ճակատագիրը, ցանկութիւններն ու ակնկալութիւնները, որոնք այդ րոպէին արտասանուած քառեակի տպաւորութեան ներքոյ լաւ կամ վատ ձեւով երեւան կու գային:

Հայաստանի մէջ Համբարձման օրը շատերը կ’երթային Ծաղկավանք, ուր կը կազմակերպուէր «ճան կիւլումի» մեծ տօնակատարութիւն: Ծաղկավանքը Արայի լերան ստորոտին է, ուր, ըստ աւանդութեան, կը գտնուի Վարվառ» կոյսի գերեզմանը:

Վերջին տարիներուն, բարեբախտաբար, այդ գեղեցիկ աւանդոյթը ոչ միայն չէ մոռցուած, այլեւ կը շարունակուի եւ ա´լ աւելի զօրացած է. Տիրոջ Համբարձման տօնի ողջ շաբթուան ընթացքին, մանաւանդ բուն Համբարձման օրը, տարիէ տարի ուխտաւորներու աւելի ու աւելի հոծ խումբեր կ’ուղեւորուին դէպի Արայի լեռ` Վարվառ» կոյսի Ծաղկավանք մատուռը:

Հայկ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Scroll Up