Ատրպէյճանական Լրատուամիջոցները «Թաղած Են» Հայերու Մասին Կարեկցանքով Արտայայտուած Աքրամ Այիսլին

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, վիրաւորուած ըլլալով հայերու մասին կարեկցանքով արտայայտուած գրող Աքրամ Այիսլիէն, որոշած են ժամանակէն առաջ թաղել անոր:
Նախորդ գիշեր ատրպէյճանական մամուլը ողողուած էր գրողի մահուան մասին լուրերով:
Լրագրողներու հարցերուն պատասխանելով` Այիսլին չէ կրցած թաքցնել իր ցասումը` կապուած ապատեղեկատուութեան հետ: «Ես կը պատժեմ անոնց, որոնք նման սուտ տեղեկութիւններ տարածած են: Ես դատի կու տամ: Ես չեմ մահացած, ես ողջ եմ»,-յայտարարած է գրողը: Տեղեկատուութեան սկզբնաղբիւրը ատրպէյճանական հետաքննական լրագրողներու կայքը եղած է:
Յիշեցնենք, որ Այիսլիի «Քարէ երազներ» վէպը ատրպէյճանական հասարակութեան մէջ բաւականին բացասական արձագանքի արժանացած էր: Ներկայիս գրողը իր «Հարազատ» երկրին մէջ հետապնդումներու ու հալածանքներու կ՛ենթարկուի: