ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Կայացաւ «Իսլամացած Հայերու Խնդիրներու Շուրջ» Խորագիրով Կլոր Սեղան-Քննարկումը

Փետրուար 7-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ կայացաւ «Իսլամացած հայերու խնդիրներու շուրջ» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկում, որուն կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, համահայկական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, թուրքագէտներ, ազգագրագէտներ, ուսումնական եւ գիտական կեդրոններու ղեկավարներ:

Քննարկման ընթացքին ներկայացուեցան թեմային վերաբերող զեկուցումներ, ելոյթներով եւ առաջարկներով հանդէս եկան  շարք մը մասնակիցներ:

Վերջաւորութեան ամփոփիչ խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակցութեան եւ կառուցողական առաջարկներուն համար:

Scroll Up