Էդուարդ Նալբանդեան ԱԳՆ Յուշամետալ Կը Յանձնէ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեանին

Փետրուար 6-ին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է «Օտար, ամայի ճամբէքի վրայ» հեռուստանախագիծի հեղինակ եւ արտադրող, Համահայկական աշխարհագրական միութեան նախագահ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեանին եւ հեռուստանախագիծի տասնամեայ յոբելեանի առիթով անոր յանձնած է ԱԳՆ մետալ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:
Նախարար Նալբանդեան շնորհաւորած է Ռաֆայէլ Յովհաննիսեանին «Օտար, ամայի ճամբէքի վրայ» հեռուստանախագիծի տասնամեայ յոբելեանի առիթով` նշելով ծրագիրի կարեւորութիւնը օտար երկիրներ գտնուող հայկական մշակութային ժառանգութեան ներկայացման, հայապահպանութեան եւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ: Ան աւելցուցած է, որ «Օտար, ամայի ճամբէքի վրայ» հաղորդումը մշտապէս աչքի կ’իյնայ իր բարձր որակներով, մասնագիտօրէն պատրաստուած եւ ընդգրկուն բովանդակութեամբ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան եւ իր գործունէութեան գնահատանքի համար` Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան ընդգծած է, որ հեռուստանախագիծի գործունէութեան ամբողջ ընթացքին ԱԳ նախարարութիւնը եւ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները մշտական գործուն աջակցութիւն ցուցաբերած են «Օտար, ամայի ճամբէքի վրայ» ստեղծագործական խումբերու աշխատանքներուն: