Մեկնարկած Է Հայ Դատի ԱՄՆ Յանձնախումբի 2014 Հեռուստամարաթոնը

Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբը (ANCA) տուած է իր չորրորդ հեռուստամարաթոնի մեկնարկը, որու հասոյթը պիտի նուիրուի Հայաստանի պաշտպանութեան եւ Հայկական հարցի յառաջխաղացմանն ու ԱՄՆ հայերու հզօրացման ուղղուած ծրագիրներու իրականացման: Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին կը տեղեկացնեն Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբէն, հեռուստամարաթոնի մեկնարկի հանդիսաւոր արարողութիւնը կայացած է յունուար 31-ին Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ: Հեռուստամարաթոնի կազմակերպիչները կը նախատեսեն այս դրամահաւաքին աննախադէպ թիւով մասնակիցներ ներգրաւել ԱՄՆ հայկական համայնքներէն: 2014 հեռուստամարաթոնի նախագահ Սթիւ Արթինեան, արեւելեան ԱՄՆ խորհուրդի անդամ Ճօշուա Թեւէքէլեան, Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբի հիմնադրամի նախագահ Քէն Խաչիկեան եւ ամերիկահայ այլ առաջնորդներ քննարկած են հեռարձակման տարածման, ծրագրաւորման մանրամասները, ինչպէս նաեւ համայնքներու մասնակցութեան աշխուժացման նորարարական եւ թարմ ուղիներ:

«Անգարան կ’աշխուժացնէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը 2015 թուականին ընդառաջ, Պաքուն աւելցուցած է յարձակումները Արցախի եւ Հայաստանի վրայ, այս պարագային աւելի քան երբեւէ կենսական է, որ ամերիկահայերը համախմբուած կանգնին մեր հայրենակիցներու կողքը: Մենք, ինչպէս անցեալին նշած եմ, հայ ազգի երկրորդ բանակն ենք, եւ շատ առումներով, մեր հայրենիքի առաջին գիծի պաշտպանները` երթալով աւելի թշնամական դարձող թրքական եւ ատրպէյճանական կառավարութիւններու դէմ»,- նշած է Խաչիկեան:

Առաջին երեք հեռուստամարաթոնները տեղի  ունեցած են 2006, 2009 եւ 2012 թուականներուն` հաւաքելով 6 միլիոն 500 հազար տոլար: Այդ գումարը յատկացուած է կրթական, երիտասարդական եւ քաղաքացիական ծրագիրներու իրականացման համար:
Հեռուստամարաթոններուն մասնակցած են բազմաթիւ քոնկրէսականներ եւ նահանգային օրէնսդիրներ, կազմակերպութիւններ, կամաւորներ, համայնքի առաջնորդներ, Հայ դատի յանձնախումբեր, արուեստագէտներ` նպաստելով անոնց մեծ յաջողութեան: Բազմազան համայնքային ձեռնարկներ ընդգրկող արշաւը կ’ամփոփէ յունիս 6-ի հեռարձակմամբ, որ տեղի կ’ունենայ ժամը 18:00-էն մինչեւ կէս գիշեր:

http://armenpress.am/

Scroll Up