«Քիւրտերու Հետ Անհրաժեշտ Է Գործակցիլ` Առանց Պատմութեան Հաշուոյն Զիջումներ Կատարելու» Շեշտեց Դոկտ. Վիգէն Չըթըրեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/02/kurd-720x366.jpg)
«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 89-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 3 փետրուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, անդրադարձաւ օրուան նիւթին, որ կը կեդրոնանայ քրտական ներկայութեան եւ քաղաքական գործօնին կարեւորութեան վրայ: Ապա ան խօսքը փոխանցեց օրուան զեկուցաբեր` միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ դոկտ. Վիգէն Չըթըրեանին:
Վահրամ Էմմիեան
Դոկտ. Վիգէն Չըթըրեան երկարօրէն եւ մանրամասն ներկայացուց «Քրտական գործօնը` նոր զարգացումներուն մէջ» նիւթը` պատմական ակնարկ մը նետելով Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի քիւրտերուն վրայ: Դոկտ. Չըթըրեան ըսաւ, թէ թիւրտերը երկրորդ կարգի քաղաքացիներ էին եւ քրտական ընդհանրական կառոյց մը չունէին, կ՛ապրէին ցեղային նախնական կառոյցներու ձեւերով: Անդրադառնալով քրտական պատմական գոյութեան, ան ներկայացուց Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու զարգացող երեւոյթը, որ արդիւնք է Օսմանեան կայսրութեան քաղաքականութեան ձախողութեան: Օսմանցիները 1915-ին չկրցան «կայսերական քաղաքականութիւնը» ճշգրտօրէն գործադրել, այսինքն` չկրցան «բաժնէ եւ տիրէ» քաղաքականութիւնը գործադրել քիւրտերուն վրայ, ինչ որ ապագային իր ազդեցութիւնը ունեցաւ քեմալական Թուրքիոյ ապահովութեան վրայ, որուն իբրեւ հետեւանք քրտական ապստամբութիւններու շարք մը կազմակերպուեցաւ թուրքիոյ մէջ, սակայն բոլոր ապստամբութիւններն ալ ճնշուեցան թրքական իշխանութիւններուն կողմէ:
Դոկտ. Վիգէն Չըթըրեան իր զեկուցումին մէջ ներկայացուց քրտական հիմնական երկու շերտերու միջեւ տարբերութիւնները, առաջինը` պահպանողական, ցեղային խմբաւորումներն են, որոնք կը ներկայացուին Պարազանի ընտանիքի մշակոյթով, երկրորդը` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան գաղափարախօսական, քաղաքական եւ զինեալ շարժումն է, որ իր բարձրունքին հասած է 1978-ին` Թուրքիոյ մէջ անկիւնադարձային խարսխում մը կատարելով, եւ այսօր անիկա յստակօրէն պարտադրած է իր ներկայութիւնը: Անցնելով Իրաքի քիւրտերու ազդակին` դոկտ. Չըթըրեան մատնանշեց, որ Միացեալ Նահանգներու Իրաք ներխուժումով, ներխուժումի գաղափարին ընդդիմադիր Թուրքիան ուրիշ ճար չունէր, բացի քրտական նոր գործօնի մը գոյութիւնը ընդունելէ, իսկ Սուրիոյ քիւրտերուն մասին խօսելով ան ըսաւ, որ անոնք պատմականօրէն ինքնուրոյն քաղաքական դիմագիծ չեն ունեցած, այլ Թուրքիոյ մէջ քրտական ապստամբութիւններու պատճառով եկած եւ ապաստան գտած են Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին` Գամըշլիի մէջ, եւ այդ պատճառով է, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զոհերուն 30 առ հարիւրը Սուրիոյ քիւրտերէն են:
Դոկտ. Չըթըրեան շեշտեց, որ յունուար 2013-ին Թուրքիոյ քիւրտերուն կողմէ յայտարարուած զինադադարը կապուած է Սուրիոյ մէջ տիրող անապահովութեան. քիւրտերը այս քայլին դիմելով կ՛ուզէին կեդրոնանալ սուրիական հատուածին վրայ, որպէսզի գետնի վրայ իշխանութիւն ձեռք ձգած ըլլան (արդէն կարգ մը շրջաններու մէջ իշխանութիւն ձեռք ձգած են), ինչ որ կարելի պիտի ըլլար ապագային օգտագործել Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններ վարելով: Ըստ դոկտ. Չըթըրեանի, Սուրիոյ հողին վրայ Թուրքիոյ եւ քիւրտերուն միջեւ կարելի է գործակցութեան եւ բանակցութիւններու գետին մը տեսնել:
Անդրադառնալով Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան երեւոյթին` դոկտ. Չըթըրեան ըսաւ, թէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան կառոյցին մէջ գոյութիւն ունին երկու տարբեր խումբեր, տարբեր մշակոյթներով, առաջինը` հիմնադիր սերունդի հետեւորդներու խումբն է, որ սարերուն վրայ ապաստան գտած է եւ կռիւներ կը մղէ Թուրքիոյ դէմ, երկրորդը` քաղաքական պայքար մղող խումբն է, որ կը տարբերի առաջինէն. հայերուն եւ քիւրտերուն միջեւ կապի առնչութեամբ դոկտ. Չըթըրեան, ըսաւ, թէ քիւրտերուն իսկ վկայութեամբ, զինեալ խմբաւորումներուն մէջ կան հայեր կամ արմատներով հայեր, որոնք ըստ երեւոյթին այդ խումբերուն կողքին կռուելով իրենց ապստամբ հոգիին յագեցում կու տան:
Ի վերջոյ, դոկտ. Չըթըրեան հաստատեց, որ այսօր գոյութիւն ունի քրտական իրականութիւն մը, որուն հետ անհրաժեշտ է գործակցիլ, երբ մեր ազգային շահերը կը համընկնին անոնց շահերուն հետ, սակայն առանց պատմութեան հաշուոյն զիջումներ կատարելու:
http://www.aztagdaily.com/