Հայկական Ընկերութիւնները Կը Մասնակցին Photonics West 2014 Ցուցահանդէսին ԱՄՆ

ԱՄՆ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքին մէջ փետրուար 4-6 տեղի ունենալիք Photonics West 2014 լազերային տեխնոլոգիաներու եւ օպտիկայի ոլորտի մասնագիտացուած ցուցահանդէսին նաեւ կը մասնակցին հայկական ընկերութիւնները` «ԼՏ- Պիրկալ» ՓԲԸ, «Սպեկտրալոյս» ՓԲԸ, «Աստրա Կրիստալս» ՓԲԸ: Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին կը տեղեկացնեն Զարգացման հայկական գործակալութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն, ցուցահանդէսը ամենախոշոր եւ ամենաազդեցիկ մասնագիտացուած ցուցահանդէսներէն մէկն է bio photonics, bio medical տեսողական, արդիւնաբերական լազերներու, optoelectronics, micro Factory եւ կանաչ photonics ոլորտին մէջ:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են մօտ 1300 ընկերութիւն, եւ այն ունի տարեկան 20 հազար այցելու:
Ձեռնարկին հայկական ընկերութիւններու մասնակցութեան կ’աջակցին Զարգացման հայկական գործակալութիւնը եւ Արդիւնաբերական զարգացման հիմնադրամը:
http://armenpress.am/