Քննարկում ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին Մէջ

Յունուար 29-ին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ տեղի ունեցաւ քննարկում` «Պատերազմ ու անոր դասերը. յարատեւ խաղաղութեան որոնումը» խորագիրով, որ անդրադարձաւ խաղաղ եւ անվտանգ հասարակութիւններ եւ յարաբերութիւններ ապահովելու համար կանխարգելման, հաշտեցման, ճշմարտութեան միջոցներու կիրառման հարցերուն: Նիստը կը նախագահէր ՄԱԿ-ի մէջ Յորդանանի մշտական ներկայացուցիչ` արքայազն Զէյտ Ալ-Հուսէյնը: Քննարկման մասնակցեցան ու ելոյթներով հանդէս եկան ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեղակալը, ինչպէս նաեւ անդամ պետութիւններու շուրջ վեց տասնեակ ներկայացուցիչներ:
Իր ելոյթին ընթացքին ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեան նշեց, որ հաշտեցման գործընթացքը չի ենթադրեր միայն պայմանագիրներու ստորագրում: Որպէսզի հաշտեցումը ըլլայ տեւական, անհրաժեշտ է ընդունել անցեալը: Միջազգային փորձը ցոյց կու տայ, որ հաշտեցման հարցով յաջողութեան հասած ժողովուրդներն ու ազգերը անցած են արդարութեան վերականգնման ճանապարհով, որ կը ներառէ նաեւ նմանատիպ ոճիրներու հետեւանքներու վերացում: Իր ելոյթին մէկ այլ բաժինին մէջ դեսպան Նազարեան կարեւոր համարեց նաեւ, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը միաձայն դէմ արտայայտուի պատմութեան աղաւաղմանն ու ժխտողականութեանը:
«Զանգուածային դաժան յանցագործութիւնների անպատժելիութեան վերացումը էական է արդարութեան վերականգման համար»,- նշեց դեսպանը ու աւելցուց, որ «Այսօր էլ ցեղասպանութեան յանցագործութիւնները կրկնւում են աշխարհի տարբեր մասերում` պատճառ հանդիսանալով հսկայական մարդկային կորուստների, քաղաքական ու տարածաշրջանային յուզումների»: Դեսպան Նազարեան ընդգծեց, որ ամէն մէկ հասարակութիւն պէտք է առերեսուի իր անցեալին հետ, եւ այս գործընթացքին մէջ իրենց դերակատարումը ունին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւնները, խորհրդարանները, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող կառոյցները, քաղաքական ու հոգեւոր առաջնորդները, պատմաբանները, ուսուցիչները եւ այլն:
Յիշեցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է բազմաթիւ պետութիւններու, միջազգային կառոյցներու (ներառեալ` ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի ու անոր Փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան եւ խտրականութեան վերացման ենթայանձնաժողովի) կողմէ` ան իր ելոյթի վերջաւորութեան կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն` անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ ու շարունակելու մարդկութեան դէմ կատարուած այդ հրէշաւոր ոճիրի ճանաչման ու դատապարտման գործընթացքը: Այս մասին«Հայերն այսօր» -ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: