Տին­քի յի­շատա­կը ոգեկոչած են նաեւ Տէրսիմի մէջ

«Ակօս» կը հա­ղոր­դէ, որ Տին­քի յի­շատա­կին արա­րողու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցած է նաեւ Տէր­սի­մի Հո­զաթ շրջա­նի Ս. Յա­րու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ աւե­րակ­նե­րուն մէջ: Արա­րողու­թիւնը սկսած է ոչ թէ Տին­քին, այլ կո­տորուած ամ­բողջ հայ ժո­ղովուրդին յար­գանքի տուրք մա­տու­ցանե­լով:

Խօսք առած է Ճեւ­տէթ Քո­նաք, որ նշած է, թէ հա­ւաքուած են եօթը տա­րի առաջ սպան­նուած Հրանդ Տին­քի մա­հուան տա­րելի­ցին եւ 1915էն ի վեր սպան­նուած բո­լոր հայ եղ­բայրնե­րուն յի­շատա­կը յար­գե­լու համար: «Գի­տենք, որ այս հո­ղերը որ­քան Քիւրտե­րուն եւ Ալե­ւինե­րուն, նոյնքան ալ պատ­կա­նած են հայ ժո­ղովուրդին, որ Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թե­նէն ետք ան­գամ մը եւս սու­գի մատ­նուած է: Հրան­դը սպան­նողնե­րը տա­կաւին չեն բա­ցայայ­տուած, եւ մեր սրտի ցա­ւը անցնող ամէն օր աւե­լի կը խորանայ: Սա­կայն այդ ցա­ւը մեր սրտե­րուն մէջ պի­տի սնու­ցա­նէ ար­դա­րու­թեան նկատ­մամբ հա­ւատք, որ անցնող ամէն օր աւե­լի պի­տի մեծ­նայ», ըսած է ան:

 «Նոր Յառաջ»

Scroll Up