Սուրիոյ Նախագահը Վերջապէս Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Անցեալ շաբաթ “Ֆրանս Փրես” լրատու գործակալութեան տուած իր ծաւալուն հարցազրոյցին ընթացքին` Սուրիոյ մէջ  տիրող ողբերգական իրավիճակի մասին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ անսպասելիօրէն յիշատակած է 1.5 միլիոն հայերու ջարդերը: Առաջին անգամն է, որ սուրիական պետութեան ոեւէ ղեկավար կ’ընդունի հայկական զանգուածային սպանութիւնները եւ յանցաւոր կը ճանչնայ օսմանեան Թուրքիան:

Հարցազրոյցի ընթացքին նախագահ Ասատ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը համեմատած է օտարերկրեայ գրոհայիններուն կողմէն Սուրիոյ մէջ կատարուող քաղաքացիներու դաժան սպանութիւններուն հետ. “Ահաբեկիչներու դրսեւորած վայրագութեան ու անմարդկայնութեան աստիճանը մեզի կը յիշեցնէ աւելի քան 500 տարի առաջ միջնադարեան Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները: Առաւել մօտ ժամանակաշրջանի մէջ անոնք մեզի կը յիշեցնեն օսմանցիներու կողմէն հայերուն դէմ իրականացուած զանգուածային ջարդերը, երբ Սուրիոյ մէջ եւ Թուրքիոյ տարածքին սպաննուեցան մէկուկէս միլիոն հայեր ու կէս միլիոն ուղղափառ ասորիներ”:

Զարմանալի չէ, որ երկու օր անց Ժընեւի մէջ, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ճաաֆարին հանդէս եկաւ նման յայտարարութեամբ մը. “Իսկ ի՞նչ կ’ըսէք Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ուր սպաննուած է 1.5 միլիոն մարդ”:

Միակ սուրիացի այլ բարձրաստիճան պաշտօնեան, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, եղած է Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Ապտ Քատեր Քատուրան, երբ Երեւանի մէջ, 16 Յուլիս 2001-ին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի եւ թանգարանի յուշամատեանին մէջ հետեւեալ յուզիչ արձանագրութիւնը կատարածէ. “Երբ այցելեցինք յուշարձանն ու թանգարանը Հայոց Ցեղասպանութեան, որուն զոհ գնաց հայ ժողովուրդը 1915 թուականին, մենք խորին հիացումով եւ յարգանքով կանգնեցանք այն հերոսներուն առջեւ, որոնք մահն ընդունած են խիզախութեամբ  ու հերոսութեամբ: Անոնց զաւակներն ու թոռնիկները կը շարունակեն անմահացնել իրենց նախնիներուն խիզախութիւնն ու պայքարը… Մեծ յարգանքով մեր գլուխը կը խոնարհենք հայ ժողովուրդին` մեր ընկերներուն նահատակներուն յիշատակին առջեւ, եւ կ’ողջունենք վճռակամութեան ու յաղթանակի համար անոնց կարողութիւնը: Մենք կ’աշխատինք միասին, որպէսզի բոլոր մարդիկը ազատագրենք ճնշումներէն եւ կեղեքումէն”:

Եթէ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահին 2001 թուականի յայտարարութիւնը եղած է անկեղծ ու սրտառուչ ուղերձ մը, ապա նոյնը կարելի չէ ըսել Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ նախագահ Ասատի խօսքերուն մասին, որուն գլխաւոր նպատակն էր խստօրէն դատապարտել թրքական կառավարութեան թշնամական գործողութիւնները ընդդէմ սուրիական վարչակարգին: Յայտնի է, որ Թուրքիան մեծ դեր խաղացած է  նախագահ Ասատը տապալելու միջազգային համատեղ ջանքերուն մէջ` ուղարկելով զինամթերք եւ ապահովելով օտարերկրեայ արմատական իսլամական գրոհայիններու ներթափանցումը Սուրիա:

Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները միշտ չէ, որ թշնամական եղած են: Մինչեւ 2011 թուական` սուրիական ճգնաժամի սկիզբը, այդ երկու երկիրները այնպիսի քաղաքական եւ տնտեսական սերտ դաշնակիցներ էին, որ Ասատի վարչակարգը արգիլած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրքերու վաճառքը երկրին մէջ եւ թոյլ չէր տուած ժապաւէն նկարահանող օտար խումբերուն, որ այցելեն Տէր Զօր` Ցեղասպանութեան բազմահազար զոհերու սպանդանոցը: Մտահոգուած Թուրքիոյ հնարաւոր դժգոհութենէն` նախագահ Ասատի աշխատակազմը 2009 թուականին չեղեալ համարեց իմ հանդիպումս նախագահին հետ, երբ անոնք համացանցի մէջ յայտնաբերեցին Թուրքիոյ նկատմամբ իմ բազմաթիւ քննադատական յօդուածներս: Աւելին. Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ կառավարութիւններուն միջեւ մեղրամիսի ժամանակ նախագահ Ասատ Սուրիա այցելող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին խորհուրդ տուած էր, որ հայերը պէտք է դրական յարաբերութիւններ մշակեն Թուրքիոյ հետ եւ անցեալի մէջ չապրին:

Նախագահ Ասատ, “Ֆրանս Փրես”  գործակալութեան տուած իր վերջին հարցազրոյցի մէջ նաեւ բողոքած է արեւմտեան ղեկավարներէն, որոնք չեն հասկնար Մերձաւոր Արեւելի մէջ ծաւալող զարգացումները. “անոնք միշտ շատ ուշ կը գիտակցին շատ բաներ, երբեմն, միայն այն ժամանակ, երբ իրողութիւնը արդէն բոլորովին փոխուած է”: Անկեղծ ըսած, կարելի է միեւնոյն քննադատութեան ենթարկել նախագահ Ասատը` Թուրքիոյ ղեկավարութեան նենգութիւնն ու երկերեսանիութիւնը ի վնաս իրեն շատ ուշ գիտակցելու համար:

Ցաւօք, Սուրիոյ նախագահը միակ պետական ղեկավարը չէ, որ չէր կրցած ըմբռնել Թուրքիոյ իշխանաւորներուն դաւադիր մտածելակերպը: Մերձաւորարեւելեան, եւրոպական եւ ամերիկեան բազմաթիւ ղեկավարներ միեւնոյն սխալը կը գործեն` վստահելով Թուրքիոյ կեղծ բարեկամութեան, նեղ դրութեան մէջ իյնալով, երբ Թուրքիան չի յարգեր իր խոստումները:

Վերջին ամիսներուն վարչապետ Էրտողանի բռնապետական քաղաքականութեան եւ ռազմատենչ յայտարարութիւններուն պատճառով միջազգային հանրութեան աճող հիասթափութենէն ակնյայտ կը դառնայ, որ ոչ ոք Թուրքիոյ իրական դէմքը այնքան լաւ կը ճանչնայ, որքան` հայերը, ասորիները, յոյները եւ քիւրտերը, որոնք տառապած են անթիւ ու անհամար դաժանութիւններէն, ջարդերէն եւ անգամ ցեղասպանութենէն` թրքական բռնապետական իշխանութեան տակ:

Հակառակ նախագահ Ասատի քաղաքական դրդապատճառներուն` հայ ժողովուրդը պէտք է ողջունէ անոր ուշացած յայտարարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

Ցեղասպանութեան ճանաչումէն այսքան երկար ժամանակ անընդունելի պատճառներով ձեռնպահ մնալէն ետք, գոնէ հիմա Սուրիոյ նախագահը պաշտօնապէս կ’ըսէ ճշմարտութիւնը անցեալի եւ ներկայի թրքական վայրագութիւններուն մասին:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Scroll Up