Միասնական Աղօթք Բարձրացուած Է Թիֆլիսի Սբ. Էջմիածին Եկեղեցւոյ Կամարներու Ներքոյ

Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ կամարներու ներքոյ հնչեց յանուն քրիստոնեաներու միասնութեան ամենամեայ ընդհանուր աղօթքը, որուն կարգախօսն էր «Անհնար է Քրիստոսի մասնատումը»:

Հայ Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմը 2014 թուականին ստանձնած է քրիստոնէական քոյր եկեղեցիներու եւ յարանուանութիւններու առաջնորդներու խորհուրդի նախագահի պարտականութիւնը: Վիրահայոց թեմի առաջնորդի հրաւէրով  միասնական աղօթքին կը մասնակցէին անդրկովկասի Լաթին Կաթոլիկներու Առաքելական վարչութեան առաջնորդ Ջուզեպպէ արքեպիսկոպոս Պազոտտօն, Վրաստանի մէջ Աւետարանական-Լիւթերական եկեղեցւոյ առաջնորդ Հանս-Եոիահիմ եպիսկոպոս Քիդերլենը, Վրաստանի մէջ Աւետարանական-Բապտիստական եկեղեցւոյ առաջնորդ Իլիա եպիսկոպոս Օսեփաշուիլին եւ այլ քոյր Եկեղեցիներու եւ յարանուանութիւններու հոգեւոր դասի եւ հաւատացեալներու խումբեր:

Վիրահայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ տ. Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան ներկաներուն ուղղուած իր ողջոյնի խօսքին մէջ  անդրադարձաւ Էկումենիկ շարժման նկատմամբ Հայոց Եկեղեցւոյ դիրքորոշման եւ գործուն մասնակցութեան միասնական աղօթքին: Ան կարեւոր համարեց այն, որ երկուհազարամեայ պատմութիւն ունեցող հայոց եկեղեցին միշտ բաց է այլ դաւանանքներու հետ շփումներու համար, եւ փոխանցեց ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութիւնը միասնական աղօթքի բոլոր մասնակիցներուն: Սրբազան հայրը արժեւորեց Հայ  Եկեղեցւոյ տօներն ու ծիսակատարութիւնները, շարականները, ժամերգութիւնները եւ  խորհուրդները: Անոր առաջարկութեամբ` վիրահայոց թեմը միասնական աղօթքին հանդէս եկաւ 9-րդ` հանգստեան ժամերգութեամբ, որուն ընթացքին աղօթք բարձրացուեցաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան եւ ահաբեկչութիւններու դադարեցման, Ուքրանիոյ մէջ քաղաքացիական լարուածութեան վերացման եւ ամբողջ աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար:

ՎԻՐԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

Scroll Up