Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի Լիակատար Նիստ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Կրօնական ժողովի լիակատար նիստին յաջորդեց Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի լիակատար նիստը` նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Ժողովի օրակարգի գլխաւոր նիւթերն էին. Ազգային կեդրոնական վարչութեան քառամեայ գործունէութեան ծրագիրի վերանայում, 2013-ի իրագործուած եւ 2014-ի նախահաշիւ պիւտճէներու քննարկում եւ վաւերացում, կալուածական ու շինարարական ծրագիրներ եւ աշխատանքներ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի  նախապատրաստական աշխատանքներ, Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի գործունէութիւնը, «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կեդրոնի գործունէութիւն, եւ այլ հարցեր: Յիշեալ հարցերը լայնօրէն քննարկուեցան եւ առնուեցան համապատասխան որոշումներ:

Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերէն ետք տեղի ունեցաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Խառն Ժողովը` օրակարգ ունենալով հետեւեալ հարցերը. Սուրիոյ հայ համայնքին կատարուած օժանդակութիւն եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան վերականգնումին գծով կատարուած աշխատանքները, Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ շարունակուող գործակցութիւնը` Եպիսկոպոսաց ժողովի լոյսին տակ, թեմերու կանոնագրութեանց բարեփոխութեան առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ ընդհանրական բնոյթ ունեցող այլ խնդիրներ ու ծրագիրներ:

Յիշեալ նիւթերը լուրջ քննարկումի ենթարկուեցան ժողովականներուն կողմէ` վեհափառ հայրապետին կողմէ տրուած լայն տեղեկութիւններուն ու կատարուած արժեւորումներուն լոյսին տակ: Բնականաբար, յատուկ կարեւորութիւն տրուեցաւ Սուրիոյ մեր համայնքի վերականգնումի աշխատանքներուն:

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը հաւատայ գործին, ո՛չ խօսքին: Մեր գործը` ժողովուրդին գացող ծառայութիւն է: Ահա թէ ինչու մեր Սուրբ աթոռը միշտ հեռու կը մնայ քարոզչական մօտեցումներէ եւ իր ծառայութիւնը չափազանցուած կերպով ներկայացնելու միտումներէ: Հսկայ աշխատանք կը տարուի այս Սուրբ աթոռին կողմէ` հոգեւոր, կրթական, ընկերային, միջեկեղեցական, մշակութային եւ այլ մարզերու մէջ: Մեզի պակսողը նուիրումը, հաւատքը, տեսիլքը չէ, այլ` տնտեսական բաւարար կարելիութիւնները: Սակայն, վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները հաւատալով այս Սուրբ աթոռի յոյժ կարեւոր առաքելութեան, պիտի շարունակեն ամէն իմաստով նեցուկ կանգնիլ մեզի», եզրակացուց վեհափառ հայրապետը Ազգային կեդրոնական վարչութեան ժողովի աւարտին:

 http://www.aztagdaily.com

Scroll Up