ԱՄՆ-ի Պետական Բաժանմունքը Տեղեակ Չէ Ատրպէյճանական Ներթափանցումներու Մանրամասներուն

ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը տեղեակ չէ ատրպէյճանական ներթափանցումներու մանրամասներուն եւ խոստացած են ուսումնասիրել փաստերը: Այս մասին ամենօրեայ ճեպազրոյցի ընթացքին յայնտած է ԱՄՆ պետական բաժանմունքի մամլոյ խօսնակի տեղակալ Մարի Հարֆը` միաժամանակ կոչ ընելով կողմերուն խուսափիլ բռնութենէ եւ խնդիրները լուծել խաղաղ ճանապարհներով:
Լրագրողը խնդրած է Պետական քարտուղարութեան դիրքորոշումը ներկայացնել յունուար 19-ի լոյս 20-ին ատրպէյճանական ներթափանցող խումբերու յարձակման եւ հայ զինուոր Արմէն Յովհաննիսեանի սպաննութեան մասին: «Ես տեղեակ չեմ իսկական
միջադէպին: Ուրախ կ’ըլլամ այն ստուգել եւ մեկնաբանութիւն ստանալ ձեզի համար»,-«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` պատասխանած է Հարֆը: Լրագրողը մէջբերած է ԱՄՆ- ի հայկական կազմակերպութիւններու եւ վերլուծաբաններու մեղադրանքներն այն մասին, որ ատրպէյճանական սպառնալիքներու կամ յարձակումներու պարագային, ինչպէս տեղի ունեցած էր մի քանի օր առաջ, պետական բաժանմունքը, փոխանակ քննադատելու բռնութեան արարքը եւ հրադադարը խախտած կողմին` այս պարագային Ատրպէյճանին, հանդէս կու գայ շատ ընդհանրական յայտարարութիւններով:
Յիշեցնենք, որ յունուար 19-ի լոյս 20-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական զօրքերու շփման գիծի երկու ուղղութեամբ ատրպէյճանական կողմի խումբերը ներթափանցման փորձ կատարած են: ԼՂՀ զինուած ուժերու առաջապահ ստորաբաժանումները, հաւաստանշելով ատրպէյճանական ներթափանցող խումբերու գործողութիւնները, երկու ուղղութիւններով ալ անցած են կազմակերպուած պաշտպանութեան եւ, հակառակորդին պատճառելով զգալի մարդկային եւ նիւթական կորուստ, ետ շպրտած ելման դիրքերը: Փոխհրաձգութեան արդիւնքով հակառակորդի կողմէ ստացած հրազէնային վէրքէ` հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքի մէջ, իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը արիաբար կատարելու ժամանակ, զոհուած է կրտսեր քսանապետ Արմէն Լեւոնի Յովհաննիսեան:
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած էր հրամանագիր, համաձայն որուն` ԼՂՀ պետական սահմանը պաշտպանելու ժամանակ ցուցաբերած արիութեան համար ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի կրտսեր քանապետ Արմէն Յովհաննիսեանըյետմահու պարգեւատրուած է «Արիութեան համար» մետալով:
http://armenpress.am/