ԱԳ Նախարարը Ընդունեց Հոլանտայի ԱԳ Նախարարի Յատուկ Բանագնաց Դեսպանը

Յունուար 22-ին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Հոլանտայի Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարի յատուկ բանագնաց դեսպան Հերման Շեյփերը:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան յիշատակեց անցեալ տարուան մայիսին Սթրազպուրկի մէջ Հոլանտայի ԱԳ նախարար Ֆրանս Տիմմերմանսի հետ ունեցած հանդիպումը եւ երկկողմ յարաբերութիւններու խորացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերու շուրջ ունեցած զրոյցը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` դեսպան Շեյփերը նախարար Նալբանդեանին փոխանցեց Հոլանտայի ԱԳ նախարար Ֆրանս Տիմմերմանսի ողջոյնները եւ վերահաստատեց իր երկրի` Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման շահագրգռուածութիւնը:
Հանդիպման անդրադրաձ կատարուեցաւ տարբեր բնագաւառներու մէջ երկու երկիրներու փոխգործակցութեան հարցերուն, քննարկուեցան միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրէն ներս համագործակցութիւնը, երկուստեք կարեւոր համարուեցան իրարու թեկնածութիւններու սատարումը:
Էդուարդ Նալբանդեան խնդրեց հոլանտացի գործընկերոջ փոխանցել իր
բարեմաղթանքները եւ Հայաստան այցելելու հրաւէրը,- այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: