Հերոս Սերժանտին Հրաժեշտ Տուին Պատուոյ Պահակախումբով

Յունուար 19-ի լոյս 20-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանին հակառակորդի ներթափանցող խումբերու յարձակման ժամանակ փոխհրաձգութեան հետեւանքով զոհուած, կրտսեր քսանապետ Արմէն Յովհաննիսեանի դին յունուար 22-ին Աւան գտնուող իրենց տունէն դուրս բերին պատուոյ պահակախումբի ուղեկցութեամբ, զինուորական նուագախումբի հնչիւններու ներքոյ:

Հերոսի երեք քոյրերը, ծնողներն ու տատիկը իրենց որդին ճանապարհեցին հերոսական զսպուածութեամբ:

Յուղարկաւորութեան ներկայ էին Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան, պատգամաւորներ, պաշտօնեաներ, բարձրաստիճան սպաներ ու մեծ թիւով անծանօթ քաղաքացիներ, Արմէնի հրամանատարները, ծառայակիցներն ու անոնց ծնողները, որոնք եկած էին
երախտագիտութեամբ  հրաժեշտ տալու իրենց զաւակներու կեանքը փրկած 19-ամեայ
սերժանտին:

Թաղման թափօրը ուղեւորուած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, ուր Արմէնին հողին կը յանձնեն զինուորական կարգով:

Աւելի առաջ NEWS.am-ը յայտնած էր, որ յունուար 19-ի լոյս 20-ի գիշերը, ժամը 23:50-էն մինչեւ 00:15-ի սահմաններուն, ղարաբաղա-ատրպէյճանական զօրքերու շփման գիծի հիւսիսարեւելեան (Ջրաբերդ) եւ հարաւարեւելեան (Կորգան) ուղղութիւններուն` արձանագրուած են ատրպէյճանական կողմի ներթափանցող խումբերու միաժամանակեայ փորձեր. մարտական դիրքին մէջ իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը կատարելու ժամանակ զոհուած էր կրտսեր քսանապետ Արմէն Լեւոնի Յովհաննիսեան:

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած էր հրամանագիր, համաձայն որուն` ԼՂՀ պետական սահմանը պաշտպանելուն ցուցաբերած արիութեան համար ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի կրտսեր սերժանտ Արմէն Յովհաննիսեանը յետմահու պարգեւատրուած է «Արիութեան համար» մետալով:

http://news.am/

IMG_5624 IMG_5633 IMG_5640 IMG_5658 IMG_5673 IMG_5680 190454

Լուսանկարը`  Արսէն Սարգսեանի/NEWS.am

Scroll Up