Բարերարները Ինչպէ՞ս Կրնան Բաւարարել Հայաստանի եւ Սփիւռքի Բազմաթիւ Կարիքները

Միացեալ Նահանգներու Քոլկէյթի համալսարանի բանասիրական գիտութիւններու փրոֆեսէօր Փիթըր Պալաքեան վերջերս գրած էր վերլուծական յօդուած մը` հետեւեալ վերնագիրով. “Խզուած կապ. հայկական գործարար համայնքը եւ մշակոյթի կերտումը”:

Պալաքեան իր յօդուածին մէջ ափսոսանք կը յայտնէ, որ ամերիկահայ համայնքը չյաջողեցաւ աջակցիլ Հայոց Ցեղասպանութեան  վերաբերող ցուցահանդէսին` Իլինոյի Հոլոքոսթի թանգարանին մէջ, 2015-ին Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին:

“Արարատ լերան ստուերը. Հայոց Ցեղասպանութիւնը” անունը կրող ցուցահանդէսը պէտք էր ներկայացուէր ոչ միայն Իլինոյի Հոլոքոսթի թանգարանին մէջ, որ երկրորդ  մեծագոյն նման հաստատութիւնն է Միացեալ Նահանգներու մէջ, այլ նաեւ` ամբողջ երկրի մէջ, կարելի է նաեւ` Եւրոպայի ու Հարաւային Ամերիկայի մէջ:

Պալաքեան իր հիասթափութիւնը կ’արտայայտէ, որ Շիքակոյի հայ համայնքը չկրցաւ հաւաքել նիւթական ապահովութեան համար անհրաժեշտ 600 հազար տոլարը, որուն պատճառով նախատեսուած ցուցահանդէսը չեղեալ նկատուեցաւ: Անոր կարծիքով, այս երեւոյթը “ընդհանրապէս կ’արտացոլացնէ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական համայնքին կողմէ մշակոյթ ստեղծելու մեծ անյաջողութիւնը, որով ես նկատի ունիմ` օգտագործել նիւթական միջոցները մշակութային գործեր յղանալու եւ արարելու համար”: Պալաքեան կը կարծէ, թէ ամերիկահայերը “ամերիկեան տարողութեամբ գրեթէ ոչինչ ունին ցուցադրելու մշակութային արժէքներու բնագաւառին մէջ”: Բացի որոշ բացառութիւններէ, “հայերը չեն ստեղծած ամերիկեան տարողութեամբ մշակութային հիմնադրամներ, թանգարաններ եւ կատարողական արուեստի կեդրոններ”:

Պալաքեանը կը դժգոհի, որ` “Հայկական գործարար համայնքը չկրցաւ իրականութիւն դարձնել Հայոց Ցեղասպանութեան կամ հայոց պատմութեան այլ դէպքերու մասին գեղարուեստական շարժանկար մը: Ան կը մէջբերէ հրեայ դասախօս մը, որ իրեն ըսած է. “Կը թուի, թէ կապը խզուած է հայ գործարարներու եւ արուեստագէտներու միջեւ. գործարարները չեն հասկնար, որ ներդրումները արուեստի բնագաւառի մէջ կը նշանակեն ներդրումներ` հայ քաղաքակրթութեան գոյութեան շարունականութեան մէջ: Համայնքի մշակոյթին մէջ ներդրում ընելը պէտք է ընկալուի իբրեւ հայ ժողովուրդի անցեալի եւ ներկայ գոյութեան գովերգութիւն, բան մը, որ թուրք չարագործները կը փորձէին ջնջել: Ասիկա, ի հարկէ, հրէական արուեստի մէջ հրէական բազմաթիւ ներդրումներու փիլիսոփայութիւնն է: Ասիկա` “Հիթլերը գրողի ծոցը ուղարկելու” մօտեցում է”:

Թէեւ ես կը կիսեմ Պալաքեանին մտահոգութիւնները, սակայն պիտի ուզէի որոշ լրացուցիչ միտքեր արտայայտել այս կարեւոր նիւթին առնչութեամբ.

1. Հայ բարերարներուն մեծ մասը կը նախընտրէ իր աւանդը ներդրել եւ անունը կապել շօշափելի ծրագիրներու հետ, ինչպիսինք եկեղեցիներն ու դպրոցներն են, եւ ոչ թէ` վերացական ձեռնարկներու, ինչպէս հանրային կապերն ու արուեստն են: Սակայն բոլորը պէտք է գիտակցին, որ մեծահարուստ հայերը իրաւունք ունին իրենց դժուարութեամբ վաստակած դրամը ծախսելու այնպէս, ինչպէս իրենք կը կամենան: Ատիկա իրենց դրամն է եւ իրենք կ’որոշեն` ինչպէս ծախսել զայն:

2. Հայկական սփիւռքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կարիքները այնքան վիթխարի են, որ գործնական գետնի վրայ անգամ առատաձեռն բարերարներու համար անհնար է բաւարարել բոլորին պահանջները:

3. Չկան հաստատուած մեքենականութիւններ համայնքի կարիքներու առաջնահերթութեան սահմանման եւ ըստ արժանւոյն գնահատման համար: Բարերարներն ու բարեսիրական կազմակերպութիւնները խեղդուած են խնդրանքներով` շարժանկարներու, հրատարակութիւններու, արուեստի գործերու, Հայաստանի օգնութեան, յուշարձաններու, յուշահամալիրներու, եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ մանկատուներու ֆինանսաւորման համար: Շատ քիչ բարերարներ ժամանակ եւ փորձառութիւն ունին գնահատելու համար բազմաբնոյթ ոլորտներէ ներկայացուող ծրագիրներու որակն ու օգտակարութիւնը:

4. Երբեմն ծրագիրները կը ֆինանսաւորուին ոչ թէ ըստ իրենց արժանիքներուն, այլ` նուիրատուի եւ ստացողի միջեւ անձնական յարաբերութիւններու հիման վրայ: Անիկա կրնայ կախեալ ըլլալ անկէ, թէ ով է խնդրատուն:

5. Թէեւ հայերը բաւական առատաձեռն են իրենց համայնքի կազմակերպութիւններուն աջակցելու գործին մէջ, սակայն խնդրանքները յաճախ կը գերազանցեն առկայ դրամական միջոցները: Կարելի չէ անուանել կարիքի թէկուզ մէկ ոլորտ, որ բաւարար չափով կը ֆինանսաւորուի, ներառեալ` հասարակական, մշակութային, կրօնական, քաղաքական, մարզական եւ մարդասիրական գործունէութիւնները: Կարելի՞ է արդեօք ըսել, որ դրամական միջոցները բաւարար են, որպէսզի կրնանք`

– Տպագրել այն բոլոր գիրքերը, որոնք արժանի են հրատարակման:

– Թուայնացնել հին ձեռագիրները եւ արժէքաւոր արխիւային նիւթերը` նախքան անոնց ընդմիշտ կորուստը:

– Արտադրել մասնագիտական նկարահանուած գեղարուեստական եւ վաւերագրական շարժանկարներ` Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այլ թեմաներով:

– Ֆինանսաւորել Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ծրագիրները:

– Միջոցներ տրամադրել ընտրութեան համար` քաղաքական թեկնածուներու, որոնք կը սատարեն հայկական հարցերուն:

– Հովանաւորել համերգներ, գեղարուեստական ցուցահանդէսներ, թանգարաններ, բժշկական, գիտական եւ այլ արժանի անհամար ծրագիրներ:

– Բաւարարել սուրիահայերու գոյատեւման եւ Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի աղքատներու եւ անապահովներու կենսական կարիքները:

Ի հարկէ, նուիրատուները կրնան շատ բան ընել համայն հայութեան անվերջ թուացող կարիքները հոգալու համար: Այնուամենայնիւ, նախ պէտք է ստեղծել մեքենականութիւն մը՝ ճշդելու համար զանազան կարիքներու առաջնահերթութիւնները, գնահատելու անոնց արժանիքները եւ պատրաստելու մասնագիտացած ծրագիր` նուիրատուին ներկայացնելու համար: Վերջապէս, նուիրատուութիւնը ստանալէ ետք պէտք է ներկայացնել պարբերական հաշուետուութիւններ նուիրատուին ծրագիրին յառաջընթացին վերաբերեալ` ցոյց տալով, որ տրամադրուած միջոցները պատշաճ ձեւով ծախսուած են խոստացուած նպատակներուն հասնելու համար:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Scroll Up