Մուամմէր Կիիլէր եւ Տոքթ. Ռէշիտ. կամ ալ՝ Էրտողան և Թալաթ

ԽՄԲ.-Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթի իր «Երբեմներբեմն» («Arada Sırada») սիւնակին մէջ Թանէր Աքչամ Յունուար 18-ին ստորագրած է ՀՏինքի եւ Թալաթի սպանութեան պարագաներուն նմանութեան մասին վերլուծական խիստ հետաքրքրական հետեւեալ գրութիւնըոր կու տանք թարգմանաբարնոյնութեամբ.-

Հրանդի սպանութեան վրայէն եօթը տարի անցաւ. ոճիրը ծրագրողները՝ իսկական յանցաւորները դեռ դուրսն են, իսկ դատը կը շարունակուի։ Դատավարութեան առաջին հանգրուանը վերջացաւ, երկրորդը սկսաւ, ճիշդ Քարլ Մարքսի նշանաւոր խօսքին յարմար ոճով՝ առաջինը ողբերգութիւն մըն էր, իսկ երկրորդը կատարեալ կատակերգութիւն մը…

Մեզմէ շատերը անպայման կը զարմանան, թէ իսկական ոճրագործները ինչո՞ւ կը պահուին, այս դատավարութիւնը ինչո՞ւ այսքան երկար տեւեց։ Իրականութեան մէջ, պատասխանը շատ պարզ է. Վարչապետարանի խորհրդատուներէն Համտի Քըլըչ 2014 Յունուար 2ին գրած մէկ tweet-ով պատասխանեց՝ «Այս երկրին մէջ պետականութեան աւանդութիւն կոչուած բան մը տակաւին գոյութիւն ունի։ Բաւական է քիչ մը պատմութիւն կարդալ, հասկնալու համար թէ ի՛նչ կը նշանակէ այդ։ Պատմութեան ընթացքին, ինքնապաշտպանութեան նպատակով մեր պետականութեան աւանդութեան զարգացուցած բնազդային վարմունքներէն ոմանք բաւական սարսափազդու են. ինձմէ յիշեցնելը…»:

Խորհրդատուն իրաւունք ունի. Հրանդ Տինքի սպանութիւնը պետութեան զարգացուցած սարսափազդու վարմունքներէն մէկն է միայն։ Եթէ քիչ մը պատմութիւն կարդացած ըլլայինք, կը հասկնայինք թէ Հրանդի դատավարութեան մէջ ինչե՛ր կը պատահին, եւ այսքան չէինք զարմանար։

Իրականութեան մէջ, սա՝ մեզի համար ինքնաքննադատութեան առիթ մը պէտք է ըլլայ։ Որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ Հրանդի սպանութեան պատճառաւ փողոց թափողներուն շատը երկար ժամանակ չկրցաւ կապ հաստատել՝ 1915ի Ցեղասպանութեան եւ Հրանդի սպանութեան միջեւ։ Նոյնիսկ այդ կապը արծարծողներուն բարկացողներ եղան։ Հակառակ որ Հրանդ Տինքը սպաննողները գիտէի՛ն այդ կապը եւ զինք ա՛յդ կապին պատճառաւ սպաննեցին։ Ա՛յս պատճառով է, որ իսկական ոճրագործները տակաւին կրնան ազատօրէն մէջտեղները շրջիլ։

Հրանդը ուզեց այս պետութեան հիմքերէն աղիւս մը դուրս քաշել եւ այդ պատճառաւ սպաննուեցաւ. նո՛յն պատճառաւ ալ իսկական ոճրագործները չեն գտնուիր։ Ոճիրը ծրագրողներուն եւ ոճրագործներուն ազատօրէն մէջտեղները պտտիլը՝ խորհրդատուին նշած՝ պետականութեան աւանդութեան սարսափազդու բնազդային վարմունքն է։ Կ՚ուզեմ ասիկա ձեզի երկու օրինակով պատմել։

Առաջինը՝ ի՛նքն իսկ Հրանդի սպանութեան արարքն է։ Անցեալ տարի գրած էի «Թարաֆ»ի մէջ, կ՚ուզեմ կրկնել։ Ա՛լ մեր մտքերուն մէջ արձանագրենք եւ ըստ այնմ վարուինք՝ Հրանդ Տինք սպաննուեցաւ Թալաթ Փաշայի վրէժը լուծելու համար։ Ամէն ինչ, բայց ամէ՛ն ինչ 1921ի ոճրափորձին վրէժը լուծելու յարմար ձեւով կազմակերպուեցաւ։

Ձեզի հարցնեմ. ինչո՞ւ Հրանդ Տինք իր տան առջեւ չսպաննուեցաւ։ Կամ, ինչո՞ւ չառեւանգեցին եւ սպաննելով դիակը տեղ մը չնետեցին՝ ինչպէս որ ըրին միւս ոճրագործները անյայտ սպանդներուն պարագային։ Եթէ ուզէին, ասոնցմէ որեւէ մէկը կրնային ընել։ Բայց փոխանակ այդպէս ընելու, «Ակօս»ին առջեւ, պողոտային մէջտեղը, ամէնուն աչքին առջեւ եւ գլխուն ետեւէն զարնելով սպաննեցին։ Մի՛ մոռնաք, Հրանդի միջոցաւ ուզեցին Թալաթ Փաշայի վրէժը լուծել։

Թալաթ Փաշա 1921 Մարտ 15ին Պէրլինի մէջ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած Սողոմոն Թէհլիրեանի կողմէ, պողոտային մէջտեղը, ամէնուն աչքին առջեւ սպաննուեցաւ։ Թէհլիրեանը Թալաթ Փաշային մօտեցաւ ետեւէն, եւ գլխուն կրակելով զինք մեռցուց։ Փախած ատեն բռնուեցաւ։ Յունիս 2-3ին կայացած դատավարութեան ընթացքին ալ անպարտ հռչակուեցաւ։ Հրանդն ալ ճիշդ նո՛յն ձեւով սպաննուեցաւ։

Սպանութիւնը ունի նաեւ այլ նմանութիւն մը որ չէք գիտեր. Թէհլիրեանը ոճիրին վայրէն փախած ատեն բռնուած էր, սակայն ըստ ոճրափորձը կազմակերպողներուն որոշումին, պէտք չէր որ փախէր, այլ մնար այնտեղ եւ յանձնուէր։ Հրանդ Տինքի սպանութեան վերաբերեալ կարգ մը արձանագրութիւններէն ալ կը տեսնուի թէ ծրագրուած էր, որ Օկիւն Սամասթը մնայ դէպքին վայրը եւ հոն բռնուի։ Ամէն բան պէտք էր ըլլար՝ ինչպէս որ եղած էր 1921ին։ Նպատակն էր թէ՛ Թալաթ Փաշայի վրէժը լուծել, եւ թէ Հայերուն յիշեցնել 1915ի ցեղասպանութիւնը եւ անոնց ձայնը խեղդելու համար կատարուածները։ Կ՚ուզէին ըսել՝ «Մենք այս հանրապետութիւնը հիմնեցինք Հայոց բնաջնջումին վրայ, եւ այս հողերուն վրայ 1915էն վերջ ազատօրէն խօսելու կարելիութիւնը չենք տար Հայու մը»:

Երկրորդ օրինակը որ կ՚ուզեմ տալ անոնց, որոնք 1915ի Ցեղասպանութեան եւ Հրանդ Տինքի սպանութեան միջեւ գտնուող կապը չեն տեսներ, կամ չեն ուզեր տեսնել՝ Տիյարպաքըրի կուսակալ Տոքթոր Ռէշիտի պատմութիւնն է։

Տասնեակ հազարներով Հայ սպաննած Տոքթոր Ռէշիտը կ՚ուզեմ բաղդատել՝ Պոլսոյ կուսակալ Մուամմէր Կիւլէրի հետ։ Իրականութեան մէջ, ասիկա քիչ մըն ալ Թայիպ Էրտողանը եւ Թալաթ Փաշան բաղդատել պիտի ըլլայ։

Գիտեմ, ձեզմէ շատերը պիտի խորհին թէ անիրաւութիւն է՝ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան հետ մրցակցելու համար Տէրսիմի ջարդերուն համար նոյնիսկ կէս բերան ներողութիւն խնդրած, քրտական հարցը խաղաղ միջոցներով լուծել ուզող վարչապետ մը բաղդատելը Թալաթ Փաշային հետ։ Որոշելու համար կա՛մ ըսէք թէ «մօտաւոր բայց կտրուկ բաղդատութիւնները ներելի են», եւ կամ սպասեցէք որ պատմութիւնը աւարտի։

Երկու կուսակալ՝ տոքտոր Ռեշիտեւ Մուսամմէր Կիւլեր…

1915 Յուլիսին Մուսուլի գերման հիւպատոսը կը տեղեկացնէ թէ Մարտինի եւ Տիյարպաքըրի մէջ, գիշերները, մեծամասնութիւնը Հայ, 2000է աւելի քրիստոնեաներ քաղաքէն դուրս կը տարուին եւ «ոչխարի պէս կ՚անճիտուին»: Հիւպատոսը կ՚ըսէ թէ այս տեղեկութիւնը ստացած է Մարտինի մութասարրըֆէն (ենթակուսակալ) եւ կը պահանջէ որ այդ ոճիրներուն արգելք ըլլալու համար քայլ առնուի։

Գերմանիոյ դեսպանատունը Թալաթը կը տեղեկացնէ այս մասին։ Ասոր վրայ, Թալաթ հեռագիր մը կը ղրկէ կուսակալ Ռէշիտին, եւ փոխանցուած բոլոր տեղեկութիւնները, ներառեալ «ոչխարի պէս անճիտուիլ» խօսքերը մէջբերելէ վերջ սա հրահանգը կու տայ. «Հայոց համար օրակարգի վրայ եղող ապահովական նախազգուշութիւններուն միւս քրիստոնեաներուն ալ կիրարկուիլը բացարձակօրէն ճիշդ չէ»: Թալաթ կ՚ուզէ որ «որեւէ պատահական քրիստոնեայի կեանքին սպառնացող» արարքներուն անմիջապէս վերջ տրուի։

Սակայն հակառակ այս հեռագրին, Տիյարպաքըրի մէջ կը շարունակուին քրիստոնեաներու ջարդերը, առանց խտրութեան։ Ասոր վրայ Թալաթ 10 օր վերջ, 1915 Յուլիս 22ին Տոքթոր Ռէշիտին կը ղրկէ «գաղտնի է, անձնապէս կարգադրելի» նշումով երկրորդ հեռագիր մը, շեշտելով թէ բնաջնջումը պէտք է կիրարկուի միայն Հայերուն եւ պէտք չէ միւս քրիստոնեաները ընդգրկէ։ «Գանգատներ կու գան» ըսելով կուսակալին կը հրամայէ՝ «մեզի դժուար կացութեան մատնելիք այսպիսի արարքներուն վերջ տուր»:

Հակառակ այս երկրորդ հեռագրին, կացութիւնը շատ չի փոխուիր։ Տիյարպաքըրի կուսակալը առանց զանազանութիւն դնելու Հայերուն եւ միւս քրիստոնեաներուն միջեւ, կը շարունակէ ջարդերը։ Ասոր վրայ Թալաթ դարձեալ 10 օր վերջ, 1915 Օգոստոս 2ին կը ղրկէ երրորդ հեռագիր մը։ «Հակառակ մեր քանիցս ղրկած հեռագիրներուն, նահանգի քրիստոնեաներուն ջարդուելուն լուրերը դեռ կը շարունակեն մեզի հասնիլ» ըսելով կը կրկնէ թէ չի յօժարիր այս կացութեան։ Թալաթ իր հեռագրով կը յիշեցնէ Ռէշիտին թէ ան պետական պաշտօնեայ մըն է եւ «որպէս պաշտօնեայ ստիպուած է տրուած հրագանգներուն անպայման հնազանդելու»: Բացէ ի բաց կը զգուշացնէ Ռէշիտը թէ՝ «աւազակներուն եւ աւազակախումբերուն վերագրուելի բոլոր արարքներէն եւ դէպքերէն» ուղղակի պատասխանատու պիտի նկատուի ինք։

Այս հեռագիրները զորս ձեզի կը փոխանցեմ, գաղտնի եւ գաղտնագրեալ հեռագիրներ են։ Թալաթէն, Տոքթոր Ռէշիտէն, հեռագիրները ղրկող եւ զանոնք վերծանող քանի մը հոգիէն զատ ոչ ոք գիտէ անոնց պարունակութիւնը։ Շատ լաւ. արդեօք կառավարութեան հրահանգներուն չհնազանդելու յանցանքով ամբաստանուող, աւելի քան 2000 հոգի «ոչխարի պէս անճիտող» Տոքթոր Ռէշիտին հանդէպ որեւէ հարցաքննութիւն կը բացուի՞։ Ո՛չ։ Բայց ուրիշ բաներ կը պատահին։ Ռէշիտի ոճիրներուն ընդդիմացող եւ գերման հիւպատոսը տեղեկացնող ենթակուսակալ Հիլմին պաշտօնազուրկ կ՚ըլլայ։ Աւելի կարեւորը՝ Ռէշիտի մօտ աշխատող ապահովութեան պաշտօնեաները կը պարգեւատրուին՝ Հայոց դէմ կիրարկուած քաղաքականութեան մէջ իրենց ցուցաբերած յաջողութեան համար։ 1915 Յուլիս 28ին ղրկուած հեռագրով մը, հայ կոմիտաճիներու եւ անոնց պետերուն ձերբակալման համար օգտակար եղող ոստիկաններէն եւ ոստիկանապատներէն ոմանց պաշտօնը կը բարձրացուի, ոմանք դրամական նուէր, ոմանք ալ շքանշան կը ստանան։

Պատմութիւնս հոս չվերջացաւ։ Աւելի վերջ, Տիյարպաքըր եւ շրջակայքէն Հայերը եւ Ասորիները աքսորող եւ բնաջնջող Տոքթոր Ռէշիտէն հաշիւ կը պահանջուի, ոչ թէ գործած ոճիրներուն, այլ՝ “կեդրոն պիտի ղրկեմ” ըսելով Հայերէն գրաւած գոհարեղէնին եւ գոյքերուն համար։ Պաշտօնական գրութեամբ կը պահանջուի գոհարեղէնը։ 1915 Հոկտեմբեր 6ին “անձնապէս կարգադրելի” նշումով ղրկուած հեռագրով “ճամբայ հանուած եւ ճամբուն վրայ հիւծած Հայերուն պատկանող հնչուն դրամին, գոհարեղէնին եւ գոյքին ձեր կողմէ գրաւուիլը լսեցինք” ըսելով, տեղեկութիւն կը պահանջուի այս բոլորին քանակին եւ հաշուապահութեան մասին։ Ինչպէս կը տեսնէք, Թալաթը հետաքրքրող մէ՛կ նիւթ կայ միայն, այն ալ ոչ թէ քրիստոնեաներու բնաջնջուիլը, այլ անոնց գրաւուած գոհարեղէնին ճակատագիրն է։

Դեռ սպասեցէք, պատմութիւնը չվերջացաւ։ Տոքթոր Ռէշիտը աւելի վերջ պարգեւատրութեան մը նման, Անգարայի կուսակալ կը նշանակուի։ Սակայն այնտեղ պաշտօնանկ կ՚ըլլայ։ Անպաշտօն կը պահուի եւ իր մասին հարցաքննութիւն կը բացուի։ Գիտցէ՛ք տեսնենք, Տոքթոր Ռէշիտի մասին հարցաքննութեան պատճառը ի՞նչ է։ Թերեւս ճիշդ գուշակեցիք։ Հարցաքննութեան պատճառը Ռէշիտի գործած ոճիրները չեն այլ՝ Հայոց գոհարեղէն եւ գոյքերու իւրացումը։ Այսինքն գողութեան համար է հարցաքննութիւնը։ Իւրացուցած գոհարեղէնով Ռաշիտ ուզած է Պոլսոյ մէջ ծովեզերեայ տուն մը գնել, եւ Թալաթ այդ լսելով զինք պաշտօնանկ ըրած է։ Թղթակից Սիւլէյման Նազիֆ առածային ձեւով կ՚արտայայտուի այս մասին, ըսելով՝ “Թալաթ Փաշան… որպէս ոճրագործ գնահատած Ռէշիտը հեռացուց գող ըլլալուն համար”։

Հիմա հասկցա՞ք Վարչապետարանի խորհրդատու Համտի Քըլըչի խօսքերը. ի՞նչ ըսած էր ան, “այս երկրին մէջ պետականութեան աւանդութիւն կոչուած բան մը տակաւին գոյութիւն ունի։ Բաւական է քիչ մը պատմութիւն կարդալ, հասկնալու համար թէ ի՛նչ կը նշանակէ այդ”։ Կարդացինք պատմութիւնը եւ տեսանք թէ Ցեղասպանութեան ընթացքին, պետութիւնը վարձատրած է Տոքթոր Ռէշիտը եւ իր պաշտօնեաները՝ քրիստոնեաներու սպանութեան համար, բայց պաշտօնազրկած է նոյն Տոքթոր Ռէշիտը՝ գողութեան պատճառով։

Գանք մեր օրերուն. շատ ցնցիչ է՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան մէջ առընչութիւնը այլեւս բոլորին ծանօթ՝ Պոլսոյ կուսակալ Մուամմէր Կիւլէրին եւ Տոքթոր Ռէշիտին գլխուն եկածներուն միջեւ նմանութիւնը։ Ինչպէս Տոքթոր Ռէշիտի պարագային, Կիւլէրէն ալ հաշիւ չպահանջուեցաւ սպանութեան համար։ Նախ երեսփոխան, յետոյ Ներքին գործոց նախարար նշանակուելով վարձատրուեցաւ։ Բայց յետոյ կաշառակերութեան եւ խարդախութեան պատճառաւ պաշտօնազրկուեցաւ։ Ոստիկանութեան միւս պաշտօնեաներուն համար ալ տարբեր չեղաւ վիճակը։ Բոլորն ալ ոճիրէն վերջ պաշտօնի բարձրացում ստացան։ Հարցը այսքան պարզ է իրականութեան մէջ…

Հիմա հասկցա՞ք, թէ ինչո՛ւ չգտնուեցան Հրանդ Տինքը սպաննող իսկական ոճրագործները, եւ ինչո՛ւ դատը դեռ կը շարունակուի։ Թալաթ կամ Էրտողան՝ շատ չի տարբերիր. պետականութեան աւանդութիւնն է այս…

«Նոր Յառաջ» 

 

Scroll Up