Հրանդ Տինք հիմնարկի հրատարակութիւններէն՝ «Սուրերու մնացորդացը»
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/9f827786049664cb8b9f8c4f8ba54ca01.jpg)
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին Հիմնարկը լոյս ընծայած է Լօրանս Ռիթէրի (լրագրող, ընկերաբան) եւ Մաքս Սվասլեանի (լուսանկարիչ) «Սուրերու մնացորդացը» հատորը՝ թրքերէնով։ Լրագրողները տեսակցութիւններ ունեցած են Անատոլիայի արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան շրջաններուն, Պոլսոյ եւ Եւրոպայի մէջ ապրող Ցեղասպանութեան մնացորդացին հետ։ Հրանդ Տինք կ՚ըսէր «այս երկրին մէջ մահուան մասին խօսիլը աւելի դիւրին է քան թէ կեանքին»: Եւ մինչեւ վերջերս իսլամացած կամ գաղտնի Հայերու մասին արտայայտուիլը հպարգելք մը կը հանդիսանար Թուրքերու, Քիւրտերու եւ նոյնինքն Հայերու համար։ Բացառութիւն կը կազմէին թուրք ծայրայեղ ազգայնականները, որոնք թերեւս ալ կ՚ուզէին հարցին անդրադառնալով ցոյց տալ, թէ ատիկա քաղաքական գաղտնի դաւադրութեան մը մէկ մասնիկն է։ Որոշ ուսումնասիրողներու համաձայն շուրջ մէկ միլիոն հաշուող այդ թաքնուած Հայերու իրական պատմութիւնը – որոնք թիրախ կը հանդիսանան «սուրի մնացորդացը» թրքական մտահոգիչ ասացուածքին – գրեթէ ամբողջովին անծանօթ է։
Ո՞վ են այդ մարդիկը, ինչպէ՞ս կ՚ապրին, ի՞նչ մարտահրաւէր կը դիմագրաւեն, ահաւասիկ հարցեր, որոնց կը փորձէ պատասխանել այս գիրքը՝ «առաջին ձեռքի» վկայութիւններու ընդմէջէն։ Անոնք երբեմն հայ են, երբեմն թուրք, երբեմն քիւրտ, երբեմն քրիստոնեայ եւ երբեմն ալ մահմետական… :
Հատորը լռութեան պատին վրայ բացուած նոր ճեղք մըն է։
«Նոր Յառաջ»